Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կ’ողջունենք ԱՄՆ-Հայաստան Ռազմավարական Գործընկերութեան Մասին Կանոնադրութեան Ստորագրումը. Freedom House

Կ’ողջունենք ԱՄՆ-Հայաստան Ռազմավարական Գործընկերութեան Մասին Կանոնադրութեան Ստորագրումը. Freedom House

by MassisPost

Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ողջունած է Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան մասին կանոնադրութեան ստորագրումը:

«Կ’ողջունենք ԱՄՆ-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողովի կանոնադրութեան ստորագրումը որպէս Հայաստանի շարունակական յառաջընթացի եւ ժողովրդավարական զարգացման յանձնառութեան վկայութիւն։

«Հայաստանի կառավարութեան կոչ կ’ընենք յառաջ տանելու այն բարեփոխումները, որոնք վերջինս խոստացած է ձեռնարկել, ներառեալ՝ խտրականութեան դէմ օրէնքի ընդունումը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Յունուար 14-ին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ստորագրուած է ռազմավարական գործընկերութեան մասին փաստաթուղթ։

Աւելի ուշ հրապարակուած է նաեւ համագործակցութեան փաստաթուղթի ամբողջական բնագիրը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment