«Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան «Երեւանեան պեսթսելըր» հեղինակային նախագիծը այս շաբաթ կը ներկայացնէ փաստավաւերագրական ստեղծագործութիւններու լաւագոյն տասնեակը՝ ըստ Նոյեմբերի վաճառքներուն։ Արա Թադեւոսեանի եւ Լուսինէ Ղարիպեանի «Վանոն ու Վազգէնը. երկու ընկերոջ կեանքն ու ողբերգութիւնը» առաջին տեղն է։
Գիրքը կը պատմէ Երրորդ Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերէն երկուքին մասին: Շատ փաստեր եւ վկայութիւններ ներկայացուած են առաջին անգամ՝ թոյլ տալով աւելի լաւ հասկնալ Վանօ Սիրադեղեանի եւ Վազգէն Սարգսեանի յարաբերութիւնները տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ: Հեղինակները զերծ կը մնան եզրակացութիւններէ՝ վստահ ըլլալով, որ ներկայացուող նիւթը ընթերցողներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ սեփական գնահատականներ ընել: Գիրքը նաեւ բազմաթիւ դրուագներ կը ներկայացնէ Հայաստանի նորագոյն պատմութենէն, որոնք կարեւոր են այսօրուայ իրողութիւնները հասկնալու համար: