Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը կը ներառէ 17 կէտ, որմէ 15-ը արդէն համաձայնեցուած է, լրագրողներուն ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով։
Ան նշած է, որ երկու յօդուածներուն վրայ աշխատանքները կը շարունակուին։
Պայրամով դարձեալ կրկնած է նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջը՝ յայտարարելով, որ այն տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ատրպէյճանի նկատմամբ։
«Այս հարցով Հայաստանէն վճռական քայլեր կ’ակնկալենք։ Այն փաստարկները, որ մենք վերջերս կը լսենք Հայաստանէն, չեն կրնար բաւարարել մեզ։ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի վերջերս ընդունած որոշումը սրած է խնդիրը, որովհետեւ Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ յղում կատարուած է փաստաթուղթին, որ ընդունուած է Հայաստանի անկախացումէն յետոյ, եւ այն տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Այդ որոշումը աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը»,- յայտնած է Պայրամով։
Պաշտօնական Երեւանը բազմիցս հակադարձած է Պաքուին՝ նշելով, որ ՀՀ Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջ չի պարունակեր հարեւան երկիրներու նկատմամբ։
Օրերս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուց ՀՀ Սահմանադրական դատարանի 2024-ի Սեպտեմբեր 26-ի որոշումը, ուր կը նշուի, որ Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ Անկախութեան հռչակագրի յղումը կը վերաբերի բացառապէս հռչակագրի այն դրոյթներուն, որոնք ամրագրուած են Սահմանադրութեան յօդուածներուն մէջ։
«ՀՀ Սահմանադրութեան ոչ մի դրոյթ տարածքային պահանջներ չի պարունակում հարեւան երկրների նկատմամբ»,- յայտնած էր Հայաստանի վարչապետը։
Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը նաեւ ըսած է, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ իր տարածքին արագացուած կշռոյթներով աշխատիլ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման ուղղութեամբ:
Օրեր առաջ, Պաքուի մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Ֆուաթ Օքթայ յայտնած էր, որ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացումը խաղաղութեան հաստատման կարեւոր պայման է։
«Յոյսով ենք, որ Հայաստան չ’անսար երրորդ կողմերէն եկող կեղծ լուրերուն եւ կեանքի կը կոչէ խաղաղութեան եւ զարգացման ծրագիրը»,- ատրպէյճանական APA գործակալութեան փոխանցմամբ, ըսած է Թուրքիոյ իշխող ուժի բարձրաստիճան ներկայացուցիչը` յաւելելով․ «Զանգեզուրի միջանցքին աշխատանքները ատրպէյճանական կողմէն աւարտած են, Հայաստանի սահմաններուն կը մնան աշխատանքներ, որոնք անհրաժեշտ է աւարտին հասցուին։ Յոյսով ենք, որ մօտ ապագային կ’իրականացուի»։
Պաքու կը պնդէ, որ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ պէտք է կապ ունենայ Սիւնիքով, բայց առանց մաքսային ու սահմանային հսկողութեան։ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացման մասին պաշտօնական Պաքուի յայտարարութիւններուն ի պատասխան՝ Երեւան մշտապէս շեշտած է, որ «միջանցքային տրամաբանութիւն բանակցութիւններուն մէջ չկայ», ընդգծելով որ հաղորդակցային որեւէ ուղի պէտք է ըլլայ տուեալ երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ, եւ գործի հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ: