Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Պաքուի մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու հրամանատար Զիյա Ճեմալ Քատըօղլուի հետ։
Ատրպէյճանի ՊՆ ղեկավարը թրքական պատուիրակութեան տեղեկացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին ներկայ իրավիճակին մասին:
Վերջինս չէ մոռցած նշել Հայաստանի վերազինման «բացասական ազդեցութիւնը» տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման վրայ: