Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Երեւանի Ու Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման Հարցով Հասած Ենք Ամենամօտ Կէտին»․ Ֆիտան

«Երեւանի Ու Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման Հարցով Հասած Ենք Ամենամօտ Կէտին»․ Ֆիտան

by MassisPost

«Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման հարցով հասած ենք ամենամօտ կէտին»,- թրքական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, երկրի խորհրդարանին մէջ նախօրէին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտան՝ շեշտելով, որ «հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու յոյսի շող կայ»։

Ֆիտան նշած է, որ Թուրքիա կ’աջակցի խաղաղութեան բոլոր ջանքերուն։

Աւելի վաղ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողան յայտնած էր, թէ կը փափաքին, որ «տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած պատմական հնարաւորութիւնը» նպաստէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման։

«Մեր դիւանագիտական ծառայութիւնը հաւատարիմ է մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, հանգստութեան եւ անվտանգութեան հաստատման։ Կը հաւատամ, որ այն պիտի շարունակէ յաջողութեամբ կատարել իր առաքելութիւնը»,- խորհրդարանին մէջ յայտնած էր Թուրքիոյ նախագահը։

Մինչ Թուրքիա խաղաղութեան հաստատման հասնելու եզրափակիչ փուլին մասին կը խօսի, Պաքու կը շարունակէ պնդել, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար երկու հիմնական խոչընդոտ կայ՝ պնդելով Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը, ուր, ըստ Պաքուի, տարածքային պահանջ կայ Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Պաշտօնական Երեւանն ալ կը հակադարձէ, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջ չի պարունակեր հարեւան երկիրներու նկատմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment