Հայաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը բանակցութիւններ կը վարեն «Նոր գործընկերութեան օրակարգ» կոչուող փաստաթուղթի շուրջ, ֆիննական «Lännen Media» լրատուական գործակալութեան ըսած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան։
Նախարարը այդ բնութագրած է որպէս համագործակցութեան տարբեր ոլորտներ ընդգրկող համապարփակ փաստաթուղթ:
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանը «համագործակցութեան յաւակնոտ օրակարգ» կը հետապնդէ Ֆինլանտայի եւ ԵՄ-ի հետ. «Դուք գիտէք մեր քաղաքականութիւնը, որը նպատակ ունի Հայաստանին աւելի ու աւելի մօտեցնել Եւրոպական Միութեանը։ ՀՀ վարչապետը Եւրոպական Խորհրդարանում իր ելոյթում նշեց, որ Հայաստանը պատրաստ է մօտենալ Եւրոպական Միությեանն այնքան, որքան դա հնարաւոր կը դիտուի ԵՄ կողմից»:
Անոր խօսքով՝ Հայաստանը ներկայիս կ’իրականացնէ քաղաքականութիւն մը, որ ուղղուած է ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու էական խորացման։
Հայաստանի մէջ տեղակայուած ԵՄ առաքելութիւնը մշտադիտարկում կ’իրականացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին։ 2023-ի Փետրուարին Հայաստան եկած Եւրոմիութեան առաքելութեան դիտորդներու Հայաստանի սահմաններուն տեղակայման ժամկէտը կը լրանայ երկուքուկէս ամիսէն։
Հարցումին, թէ Ռուսաստանի հետ ռազմական դաշինքը որքանո՞վ համատեղելի է եւրոպական նպատակներուն հետ, Միրզոյեան պատասխանած է՝ յիշեցնելով, որ պաշտօնական առումով Երեւանը ՀԱՊԿ-ի մաս կը կազմէ, բայց յայտարարած է, որ սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը կազմակերպութեան գործունէութեան:
«Մենք կարծում էինք, որ այս կազմակերպութիւնը կ’օգնի մեզ պաշտպանել մեր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: Ցաւօք, վերջին տարիներին մենք ականատես ենք եղել մի քանի յարձակումների եւ խախտուել են մեր միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմանները: Երբ դա տեղի է ունեցել, մենք երբեք իրական աջակցութիւն չենք ստացել: Այդպիսի պարտաւորութիւններ ունեցող դաշնակիցները պէտք է օգնեն միմեանց, ռազմական դաշինքի իմաստը հէնց դա է։ Այս անտարբեր վերաբերմունքը յանգեցրեց հսկայական հիասթափութեան»,- յաւելած է ան: