Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Կրնայ Պատժամիջոցներ Սահմանել Ատրպէյճանցի Պաշտօնեաներու Նկատմամբ՝ Հայ Ռազմագերիները Խոշտանգելու Եւ Սպաննելու Համար

ԱՄՆ Կրնայ Պատժամիջոցներ Սահմանել Ատրպէյճանցի Պաշտօնեաներու Նկատմամբ՝ Հայ Ռազմագերիները Խոշտանգելու Եւ Սպաննելու Համար

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները կրնայ պատժամիջոցներ սահմանել ատրպէյճանցի պաշտօնատար անձերու նկատմամբ՝ հայ ռազմագերիներու խոշտանգումներու եւ արտադատական մահապատիժներու պատճառով, յայտարարած է Human Rights First  իրաւապաշտպան  կազմակերպութեան հաշուետուութեան ենթակայ բաժնի աւագ տնօրէն Ատամ Կիթը ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին ժամանակ։

Ան այսպէս պատասխանած է ծերակուտական Քրիս Վան Հոլենի հարցումին՝ հայերու դէմ կատարուած յանցագործութիւններու պատճառով Պաքուի դէմ «Մակնիթսքիի արարք» օգտագործելու մասին։

«Լեռնային Ղարաբաղի առումով զինուած հակամարտութեան հետ կապուած որոշ  գործողութիւններ վարչակազմը կրնայ ի վիճակի չըլլալ դիտարկելու մարդու  իրաւունքներու  հարցերով «Մակնիթսքիի  արարքի»  շրջանակներուն մէջ:  Սակայն  այն  դէպքերը,  որոնք դուրս կու գան այս ծիրէն, ներառեալ բանտարկեալներու արտադատական​​մահապատիժները, խոշտանգումները կամ սեռային բռնութիւնները, ամբողջովին կրնան  համապատասխանել չափանիշերուն եւ պատշաճ հիմք հանդիսանալ այս գործիքի կիրառման  համար»,- ըսած է Կիթ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment