ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան դատախազը ՀՀ Հակափտածութեան դատարան հայցադիմում ներկայացուցած է ընդդէմ Ստեփան Ռոպերթի Գալստեանի, Նաթալիա Կենատիեւնա Գալստեանի, Նասիա Եփրեմի Գալստեանի՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման պահանջի մասին: Դատարանը հայցադիմումը ընդունած է վարոյթ։ Այս մասին civic.am-ը տեղեկացաւ «Դատալեքս» հարթակէն։ Ստեփան Գալստեանը, յիշեցնենք, «ոչ-պիտանի հրթիռներու» գործով մեղադրեալ՝ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալն է, որ քրէական հետապնդման կ’ենթարկուի 2021-էն։
Նշենք, որ 2012 թուականէն Hetq.am-ը գրած էր, որ ծնունդով մարալիկցի Ստեփան Գալստեանը սեփական օդանաւային ընկերութիւնը ունի։ 2012 թուականին Քոնկոյի մայրաքաղաք Պրազավիլի «Մայա-մայայ» օդակայանին մօտ ինքնաթիռ ինկած էր։ Զոհուած էին անձնակազմի եօթը անդամները, որոնցմէ հինգը հայեր էին։ Պարզուեցաւ, որ ինքնաթիռը կը պատկանէր հայկական «Ռիճ Էյրուէյզ» («Ridge Airways») ընկերութեան: Պետական արձանագրութեան կայքին մէջ ընկերութեան սեփականատէր նշուած է Սերկէյ Քոչարովը: Ինքնաթիռը, սակայն, ըստ «Հետքին» նամակ գրած օդաչուին, կը պատկանէր Գերագոյն Շտաբի պետի տեղակալ, զօրավար-լեյթենանթ Ստեփան Գալստեանին, բայց արձանագրուած էր անոր կնոջ՝ Նաթալիայի անունով: Աւելին, չունենալով շահագործման թոյլտուութիւն, ամիսներ շարունակ ինքնաթիռը ապօրինի շահագործուած է։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած էր զօրավար Գալստեանի առնչութիւնը այս ամէնուն: Գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ նշուած էր, թե նմանատիպ լուրերը զինուած ուժերը վարկաբեկելու նպատակ ունին: «Դժուար է պատկերացնել, որ կառոյցը կրնար յայտարարել, թէ, այո, նշուած ընկերութիւնը կը պատկանի զօրավարին»,- նկատած էր կայքը:
Դատախազութիւնը Հակափտածութեան դատարան հայցադիմում ներկայացուցած է նաեւ ընդդէմ ՀՀ Զինուած ուժերու օդագնացութեան պետ-վարչութեան նախկին պետ Աւետիք Մուրատեանի, Մարինէ Մելիքսէթի Ասատրեանի, Լիլիթ Աւետիքի Մուրատեանի հայցապահանջը՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման պահանջի մասին։ Մուրատեանը նոյնպէս «ոչ-պիտանի հրթիռներու» գործով մեղադրեալներէն է։
ԱԱԾ-ն, յիշեցնենք, 2021-ի Սեպտեմբերին հաղորդագրութիւն տարածած եւ յայտնած է՝ բացայայտուած են ռազմամթերքի մատակարարման գործին մէջ ՀՀ ԶՈՒ բարձրաստիճան պաշտօնեային լիազօրութիւնները չարաշահելու դէպքեր, պետութեան պատճառուած է առանձնապէս խոշոր չափերու՝ 2.277.323.840 դրամի վնաս, որ յառաջացուցած է նիւթական ծանր հետեւանքներ. խաթարուած է զինուած ուժերու բնականոն գործունէութիւնը, ՀՀ ՊՆ-ին յատկացուած միջոցներու հաշուոյն ձեռք բերուած են տեխնիկական բնութագրին եւ ՀՀ սպառազինութեան պահանջմունքներուն չհամապատասխանող, շուկայական արժէքէն էականօրէն թանկ, շահագործման համար պիտանելիութեան ժամկէտերը սպառած հրթիռներ, ինչի վկայութիւնն է նաեւ այն, որ մատակարարումէն որոշ ժամանակ անց հրթիռներուն մէկ մասը չէ կրակուած եւ դուրս հանուած է հաշուեկշիռէն, իսկ մնացածը ընդհանրապէս չէ կիրառուած, այդ շարքին՝ 2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին սկսած 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ: Մուրատեան կալանաւորուած էր, ապա որոշ ժամանակ անց ազատուեցաւ կալանքէն։
Այս գործով եօթը մեղադրեալներէն մէկն ալ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն է, միւսը՝ ԳՇ նախկին պետ Արտակ Դաւթեանը։