Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՊԿ-ի Աշխատանքներուն Մասնակցութիւնը Սառեցնելու Մասով ՀՀ Դիրքորոշումը Փոփոխութեան Չէ Ենթարկուած. ՀՀ ԱԳՆ

ՀԱՊԿ-ի Աշխատանքներուն Մասնակցութիւնը Սառեցնելու Մասով ՀՀ Դիրքորոշումը Փոփոխութեան Չէ Ենթարկուած. ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան աշխատանքներուն մասնակցութիւնը սառեցնելու մասով Հայաստանի դիրքորոշումը չէ փոխուած։

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Անի Բադալեան՝ անդրադառնալով Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու՝ ՌԴ-ի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու հանդիպման, որուն մասնակցած է նաեւ ՌԴ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Գուրգէն Արսէնեան։

«ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներին մասնակցութիւնը սառեցնելու մասով ՀՀ դիրքորոշումը փոփոխութեան չի ենթարկուել»,- նշեց Բադալեան:

Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով Նոյեմբեր 13-ին հանդիպած է Ռուսաստանի մէջ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ։  Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՌԴ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Գուրգէն Արսէնեանը։

Հայաստան վերջին շրջանին կը պոյքոթէ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցող միջոցառումները։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2024 թուականի Փետրուարին յայտնած էր, որ Հայաստան գործնականում սառեցուցած է մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին։ Ան նշած էր, որ ՀԱՊԿ չէ կատարած Հայաստանի նկատմամբ պարտաւորութիւնները, ինչ որ առանց հետեւանքներու չէր կրնար մնալ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment