Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Պուտափեշթի Մէջ Խօսակցութիւն Ունեցած Է Էրտողանի, Մաքրոնի, Զելենսքիի Եւ Այլ Առաջնորդներու Հետ

Վարչապետ Փաշինեան Պուտափեշթի Մէջ Խօսակցութիւն Ունեցած Է Էրտողանի, Մաքրոնի, Զելենսքիի Եւ Այլ Առաջնորդներու Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտաթեշթի մէջ կը մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի հինգերորդ գագաթաժողովին: Միջոցառման բարձրաստիճան հիւրերը դիմաւորած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան:

Յաջորդիւ տեղի ունեցած է գագաթաժողովի բացման արարողութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեան շարք մը երկիրներու առաջնորդներու հետ մասնակցած է նաեւ «Տնտեսական անվտանգութիւն» խորագրով կլոր-սեղան քննարկման, որ տեղի ունեցած է փակ ձեւաչափով:

Տեղի ունեցած է նաեւ գագաթաժողովին մասնակից պետութիւններու առաջնորդներու համատեղ տեսալուսանկարահանման արարողութիւնը:

Գագաթաժողովի շրջանակին մէջ նախատեսուած են վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումները տարբեր երկիրներու գործընկերներու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment