Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի գործով՝ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած նախնական առարկութիւններուն վերաբերեալ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը պիտի հրապարակէ իր վճիռը 2024 թուականի Նոյեմբեր 12-ին:
Այս մասին կը յայտնեն Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչի գրասենեակէն՝ մանրամասնելով, որ հրապարակային նիստը տեղի պիտի ունենայ ժամը 15:00-ին (Երեւանի ժամանակով 18:00-ին) Լահէյի Խաղաղութեան պալատին մէջ, որուն ընթացքին Դատարանի նախագահ, դատաւոր Նաուաֆ Սալամ պիտի կարդայ Դատարանին վճիռը։
2021 թուականի Սեպտեմբեր 16-ին Հայաստան վարոյթ նախաձեռնեց Ատրպէյճանի դէմ՝ կապուած «ցեղապաշտական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին» միջազգային պայմանագրի ենթադրեալ խախտումներուն հետ:
2023 թուականի Ապրիլ 21-ին Ատրպէյճան ներկայացուց նախնական առարկութիւններ՝ Դատարանի իրաւասութեան վերաբերեալ եւ Դատարանի կանոնակարգի 79-րդ յօդուածի 3-րդ մասի համաձայն, գործի վարոյթը կասեցուեցաւ մինչեւ նշուած նախնական առարկութիւններու վերաբերեալ Դատարանի որոշման հրապարակումը:
2023 թուականի Ապրիլ 25-ի որոշմամբ Դատարանի նախագահի սահմանուած ժամկէտին մէջ Հայաստան ներկայացուց իր գրաւոր դիտարկումներն ու դիրքորոշումը Ատրպէյճանի նախնական առարկութիւններուն վերաբերեալ:
Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի գործով վճիռի հրապարակումէն անմիջապէս յետոյ դատարանը պիտի հրապարակէ իր վճիռը՝ Ատրպէյճանը ընդդէմ Հայաստանի գործով՝ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած նախնական առարկութիւններուն վերաբերեալ: