Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Երեւանն Ու Պաքուն Կը Մօտենան Պայմանաւորուածութիւններու Ձեռքբերման». Ֆիտան

«Երեւանն Ու Պաքուն Կը Մօտենան Պայմանաւորուածութիւններու Ձեռքբերման». Ֆիտան

by MassisPost

Անքարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին  Ատրպէյճանի  եւ  Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումէն յետոյ։ Այս մասին յայտնած է  Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտան։

«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին  Ատրպէյճանի  եւ  Հայաստանի միջեւ (խաղաղութեան) պայմանագրի ստորագրումէն յետոյ»,- ըսած  է  Ֆիտան  «Turkiye» թերթին։

Անոր խօսքով՝  Անքարան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան ձեռքբերումը կը դիտարկէ որպէս Հարաւային Կովկասի մէջ  կայունութեան  ապահովման  կարեւոր  տարր։  «Մենք առաւելագոյն աջակցութիւնն կը ցուցաբերենք պայմանաւորուածութիւններու  ձեռքբերման համար եւ ուրախ ենք տեսնելու, որ կողմերը կը մօտենան  անոնց։  Սահմանի  վերաբերեալ վերջին որոշումները այս յառաջընթացի լաւ օրինակ են»,- ըսած  է  Թուրքիոյ արտգաքին գործներու ախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment