Home Uncategorized ԱՄՆ Պետական Քարտուղար Պլինքըն Պիտի Չմեկնի Պաքու՝ COP29-ին

ԱՄՆ Պետական Քարտուղար Պլինքըն Պիտի Չմեկնի Պաքու՝ COP29-ին

by MassisPost

Այս տարի Պաքուի մէջ կայանալիք COP29 գագաթաժողովին ԱՄՆ պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ միջազգային կլիմայական քաղաքականութեան հարցերով նախագահի աւագ խորհրդական Ճոն Փոտեսթան։ ԱՄՆ պետական քարտուղար Պլինքըն պիտի չմեկնի Պաքու, կը յայտնէ «Turan»-ը։

«ԱՄՆ պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլայ նաեւ ԱՄՆ  այլ  կառավարական  պաշտօնեաներու լայն շրջանակ, որոնք կ’աշխատին այն հարցերուն վրայ, ինչպիսիք են կլիմայի փոփոխութիւնը կապուած զինուած  հակամարտութիւններու,  ֆինանսներու,  պարէնային անվտանգութեան, առողջապահութեան, առեւտուրի եւ ներդրումներու,  երիտասարդութեան խնդիրներու եւ այլնի հետ»,- կ’ըսուի  Պետական Քարտուղարութեան  յայտարարութեան մէջ:

«Turan» կը  նշէ,  որ  այս տարուայ  պատուիրակութեան  կազմին մէջ պիտի չըլլան պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը եւ ԱՄՆ USAID-ի տնօրէն Սամանթա Փաուըրը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment