Պաշտօնական Երեւան կը դատապարտէ Իրանի դէմ գործողութիւնները՝ զանոնք որակելով «միջազգային անվտանգութեան խախտում»: Այս մասին ըսուած է Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
«Հայաստանը դատապարտում է գործողութիւնները, որոնք ուղղուած են միջազգային անվտանգութեան խախտմանը, ինչն արտայայտուել է նաեւ անցած շաբաթ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ գործողութիւններում»,- ըսուած է X-ի մէջ գերատեսչութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Երեւան նաեւ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն առնչութեամբ եւ յոյս կը յայտնէ, որ դիւանագիտութեան շնորհիւ հնարաւոր պիտի ըլլայ կանխել հետագայ անցանկալի զարգացումները։
Անցած օրերուն Իսրայէլ օդային հարուածներ հասցուցած է Իրանին՝ ի պատասխան այս ամսուայ սկիզբը իրանեան յարձակումներուն։ Իսրայէլեան հարուածներուն հետեւանքով սպաննուած են չորս իրանցի սպաներ։ Իսրայէլ յայտարարած է, որ հարուածներ հասցուցած է միայն ռազմական կառոյցներուն, ոչ միջուկային կամ նաւթի արդիւնահանման տարածքներուն: