Կիւմրիի աւագանիի «Բալասանեան դաշինք» խմբակցութեան անդամները հրաժարեցան մանտաթներէն։ Այս մասին ըսած է թիւ 31 ընտրատարածքային յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Ղազարեան։ Մանտաթներէն հրաժարելու վերաբերեալ արձանագրութիւն ներկայացուցած են աւագանիի «Բալասանեան» դաշինքի 14 անդամները, ընդ որում՝ Կիւմրիի քաղաքապետ Վարդգէս Սամսոնեանը։
Այսօրուընէ Կիւմրին չունի նաեւ քաղաքապետ եւ քաղաքապետի առաջին տեղակալ, ըսաւ Ղազարեան։
«Քանի որ քաղաքապետը եւ առաջին փոխքաղաքապետը քաղաքական պաշտօն են համարւում, յիշեալ անձինք հրաժարուելով կուսակցական մանտաթներից եւ դուրս գալով աւագանու կազմից, մեխանիկօրէն դադարում են նաեւ լինել քաղաքապետ եւ փոխքաղաքապետ։ Միակ գործող պաշտօնեան մնում է փոխքաղաքապետ Սուրէն Ջանոյեանը, ով տնային կալանքում է գտնւում»,-նշեց Ղազարեան։
Ուրբաթ օր յանձնաժողովը նիստ պիտի հրաւիրէ՝ քննարկելու դիմումները եւ մանտաթ յանձնելու «Բալասանեան» դաշինքի ցուցակին վրայ գտնուող մէկ անդամին։
Յիշեցնենք՝ աւագանիի «Բալասանեան» դաշինք կուսակցութեան ընտրական ցուցակին վրայ գտնուող եւ աւագանիի անդամ չստացած անդամները բոլորը ինքնաբացարկ ներկայացուցած էին՝ բացառութեամբ մէկ հոգգի, որ կը գտնուի արտերկրի մէջ։