Home Uncategorized Հայաստան Մասնակցած Է Յայտարարութեան Նախագիծի Աշխատանքներուն, Սակայն Վերջնական Փաստաթուղթը Չէ Ստորագրած․ Զախարովա

Հայաստան Մասնակցած Է Յայտարարութեան Նախագիծի Աշխատանքներուն, Սակայն Վերջնական Փաստաթուղթը Չէ Ստորագրած․ Զախարովա

by MassisPost

Հայաստանը աշխուժօրէն մասնակցած է «Եւրասիոյ մէջ անվտանգութեան ապահովման սկզբունքներուն մասին» յայտարարութեան նախագիծի փորձագիտական հաստատման, առաջարկութիւններ ըրած, անոնցմէ շատերը հաշուի առնուած են, սակայն վերջնական փաստաթուղթը չէ ստորագրած, ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան։

Հարցումին, թէ իր կարծիքով՝ ինչո՞ւ Երեւանը այնուամենայնիւ չէ ստորագրած փաստաթուղթը, Զախարովան պատասխանած է․ «Թէ ինչու Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը փաստաթուղթը չստորագրեց ԱՊՀ երկիրներու Նախարարներու խորհուրդին մէջ, աւելի լաւ է թող ինքը այդ հարցումին պատասխանէ, իսկ իմ անձնական կարծիքը թող մնայ ինծի»։

ԱՊՀ անդամ երկիրներու արտաքին գործերու նախարարները Հոկտեմբեր 7-ին համատեղ յայտարարութեամբ դատապարտած են միակողմանի պատժամիջոցները, յորդորած են զերծ մնալ նման քայլերէ։ Համատեղ յայտարարութիւնը ընդունուած է Մոսկուայի մէջ կայացած նիստի արդիւնքներով, որուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան։

«Որեւէ պետութեան կողմէ միակողմանի սահմանափակող միջոցներու ընդունումը կը հակասէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Կանոնադրութեան եւ միջազգային իրաւունքին։ Պետութիւններուն խորհուրդ կը տրուի ձեռնպահ մնալ միակողմանի սահմանափակող միջոցներու ընդունումէն, տարածումէն եւ կիրառումէն, որոնք կը խոչընդոտեն ընկերա-տնտեսական զարգացման, յատկապէս զարգացող երկիրներու մէջ»,- կը նշուի համատեղ յայտարարութեան մէջ, սակայն, չի յստակացուիր, թէ որ երկրի դէմ պատժամիջոցները «անթոյլատրելի» են, որ երկիրներուն խորհուրդ կը տրուի «ձեռնպահ մնալ» պատժամիջոցներէ։

«Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի քարտուղար Անի Բադալեանը միայն տեղեկացուցած էր, որ Հայաստան չէ միացած «Եւրասիոյ մէջ անվտանգութեան ապահովման սկզբունքներու» եւ «Միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ միակողմանի միջոցներու կիրառման անթոյլատրելիութեան» վերաբերեալ յայտարարութիւններուն՝ առանց մանրամասնելու։

Ուքրանիա ռազմական ներխուժման ի պատասխան Արեւմուտքը բազմաթիւ պատժամիջոցներ սահմանած է Ռուսաստանի տարբեր ոլորտներու նկատմամբ, շարք մը երկիրներ, այդ շարքին՝ ԱՄՆ, զգուշացուցած են, որ կրնան թիրախաւորել նաեւ այն երկիրները, որոնք կ’օգնեն Մոսկուային շրջանցել սահմանափակումները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment