Ֆրանքոֆոնի 19-րդ գագաթաժողովի շրջանակին մէջ ընդունուած է «Ֆրանքոֆոն տարածաշրջանին մէջ ճգնաժամային իրավիճակներու, անոնց յաղթահարման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ բանաձեւը», որով կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ 54 պետութիւններ համերաշխութիւն յայտնած են Հայաստանին եւ խաղաղութեան գործընթացին, հաղորդած է ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը:
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ բանաձեւին մէջ ընդգծուած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագրին համահունչ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը։
Ֆրանքոֆոնի անդամ պետութիւնները ողջունած են 2024 թուականի Ապրիլ 19-ի Արձանագրութեան մէջ վերահաստատված սկզբունքներու հիման վրայ սահմանազատման գործընթացին մէջ եւ միջպետական սահմանագիծի վերականգնման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ խրախուսած են տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացումը՝ ինքնիշխանութեան, ազգային իրաւազօրութեան, հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներու յարգանքի հիման վրայ:
Ընդգծուած է ուժի կիրառման անընդունելիութիւնը եւ կոչ եղած է ձեռնպահ մնալու ռազմատենչ հռետորաբանութենէն եւ ատելութեան խօսքէ, որ կրնայ խոչընդոտել խաղաղութեան գործընթացը։
Բանաձեւը շեշտած է նաեւ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան (EUMA) կարեւորութիւնը եւ սահմանամերձ տարածքներու մէջ կայունութեան գործին մէջ առաքելութեան ներդրումը։
Բանաձեւին մէջ կարեւորուած է Լեռնային Ղարաբաղէն 115 հազար բռնի տեղահանուած փախստականներուն շարունակական մարդասիրական աջակցութեան ապահովումը, ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու, ինչպէս նաեւ անյայտ կորսուածներու խնդիրներու լուծումը։
ՖՄԿ-ն վերահաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման առնչութեամբ մտահոգութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան իրականացման հարցով անդամ երկիրներու աջակցութիւնը, փոխանցած է Հայաստանի Արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւնը:
Գագաթաժողովին Հայաստանէն կը մասնակցէր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ «խորապէս ցաւալի է, որ Հայաստանը Ֆրանսայի բացայայտ աջակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կը չարաշահէ Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութիւնը»։
Ատրպէյճանը կը պնդէ, թէ Ֆրանսան «կոպտօրէն չարաշահած է կառոյցին մէջ իր նախագահութեան կարգավիճակը», իսկ Հայաստանը խաղաղութեան գործընթացին նկատմամբ «անհետաքրքրութիւն» կը դրսեւորէ։ Աւելին, Պաքուն կոչ ըրած է Հայաստանին հրաժարելու «սադրիչ քայլերէ» եւ քաղաքական կամք ու պատասխանատուութիւն դրսեւորելու՝ վերացնելու կարգաւորման գործընթացը իր տրամաբանական աւարտին հասցնելու մնացած խոչընդոտները՝ առաջին հերթին փոփոխելով իր Սահմանադրութեան եւ այլ օրէնսդրական դրոյթները, որոնք, ըստ Պաքուի, «տարածքային պահանջներ կը պարունակեն Ատրպէյճանի նկատմամբ»։
«Հայկական կողմը պէտք է ընտրութիւն կատարէ՝ կա՛մ ընթանայ կարգաւորման գործընթացը աւարտին հասցնելու ճանապարհով, կա՛մ շարունակէ առճակատումը բոլոր ուղղութիւններով», – ըսուած է ատրպէյճանական ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ։