Իրազեկ Քաղաքացիների Միաւորումը հաղորդագրութիւն տարածած է «Սրբազան պայքար» շարժման՝ Հոկտեմբեր 2-ի հանրահաւաքի մասնակիցներու քանակին վերաբերեալ:
««Սրբազան պայքար» շարժումը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ժամը 18:30-էն հրաւիրած էր հանրահաւաք:
Իրազեկ Քաղաքացիների Միաւորումը օդային նկարահանման միջոցով իրականացուցած է հաւաքի մասնակիցներու հաշուարկ, ըստ որուն, պարզուած է, որ ժամը 19:13-ի դրութեամբ հանրահաւաքի վայրին եւ յարակից տարածքներուն մէջ գտնուած է շուրջ 1905 մարդ:
Հաշուարկը իրականացուած է մասնակիցներու անհատական հաշուարկի միջոցով