Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նոր շինծու մեղադրանք առաջադրած է, որ աւելի շատ զաւեշտի նման է:
Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քյամրան Ալիեւի խօսքով, ի թիւս նախորդ մեղադրանքներուն, անոնք կը մեղադրւուին նաեւ «պատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացման» համար:
Դատախազը յաւելած է, որ ձերբակալուածներուն բոլոր իրաւունքները իբր «պաշտպանուած» են, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի քանի մը փաստաբան եւ իրաւունք ունի ծանօթանալու գործի նիւթերուն:
Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը քրէական գործեր յարուցած է ԼՂ նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներէն 15-ին նկատմամբ:
Յիշեցնենք, 2023 թուականի Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի իրականացուցած զանգուածային ռազմական յարձակման հետեւանքով ԼՂ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մէկ մասը ապօրինաբար կալանաւորուած է, տարուած է Պաքու։
Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է ահաբեկչութեան, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, օրէնքով չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներ ու խմբաւորումներ ստեղծելու, ահաբեկչութեան նպատակով վարժանքներ կատարելու համար։
Այժմ Պաքուի մէջ գերեվարուած ու կալանքի տակ կը պահուին ԼՂ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը, նախկին ԱԺ նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, արտաքին գործերու նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը եւ Զինուած Ուժերու շտաբի նախկին պետ Դաւիթ Մանուկեանը: