Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մինսքը Պիտի Շարունակէ Հանդէս Գալ Երեւանի Հետ Երկխօսութեան Ընդլայնման Օգտին. Լուքաշենքօ

Մինսքը Պիտի Շարունակէ Հանդէս Գալ Երեւանի Հետ Երկխօսութեան Ընդլայնման Օգտին. Լուքաշենքօ

by MassisPost

Մինսքը պիտի շարունակէ հանդէս գալ Երեւանի հետ փոխադարձ յարգալից եւ կառուցողական երկխօսութեան ընդլայնման օգտին, յայտնած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն։

Անկախութեան տօնին առթիւ Հայաստանի նախագահին յղած ուղերձին մէջ Լուքաշենքօն նշած է, որ Պելառուսիոյ եւ Հայաստանին կը կապեն ամուր բարեկամական կապերը, ընդհանուր պատմութիւնը։

Ան վստահութիւն յայտնած է, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ գոյատեւելու եւ յաջող զարգանալու համար անհրաժեշտ է համախմբուիլ եւ համագործակցիլ։

Ալեքսանտր Լուքաշենքօն օրերս ըսած էր, որ Պելառուսիան կ’ուզէր վերադարձնել բարի յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։

Աւելի վաղ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ պիտի չայցելէ Պելառուսիա, քանի դեռ այդ երկրին ղեկավարը Լուքաշենքօն է։ Փաշինեանի յայտարարութիւնը հնչած էր այն բանէն յետոյ, երբ Լուքաշենքոյի Պաքու կատարած այցին ժամանակ յայտնի դարձաւ, որ մինչեւ 2020 թուականի պատերազմը ան Ալիեւի հետ քննարկած էր ատրպէյճանական կողմին յաղթելու հնարաւորութիւնները։

Մինչ այս բացայայտումը յայտնի էր, որ Պելառուսիան Ատրպէյճանին զէնք վաճառող երկիրներէն մէկն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment