ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Զգացական ծանր բեռ մը կայ ամէն ազնիւ հայու հոգեկան աշխարհին մէջ այս օրերուն՝ ի տես այն բաժանումին ու թշնամանքին, որով մեզմէ ոմանք կ՛ուզեն մեր ժողովուրդի ապագան կապել ժանգոտած ու ճահճացած անցեալի մը հետ, որ թալանեց, կողոպտեց եւ կասեցուց յառաջընթացը մեր հայրենիքին:
Նոյնն է պարագան այս օրերուն Ամերիկայի մէջ, ուր ոմանք խնդրայարոյց նախկին նախագահի մը անօրէն ու սանձազերծ նողկալի անցեալը չեն նկատեր եւ կառչած մնալով անոր վերընտրութեան՝ կ՛ուզեն համայն աշխարհի ապագան ստախօս խենթի մը յանձնել:
Հայաստանի եւ հայ Սփիւռքի մէջ այդ ժանգոտած անցեալէն դուրս գալ չուզող մարդիկ իրենք ալ վստահաբար պիտի տօնեն Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան տարեդարձը:
Ի՞նչը պիտի տօնեն սակայն եւ ի՞նչ պիտի ըսեն:
Պիտի ըսե՞ն արդեօք, թէ Արցախ ազատագրեցին, որպէսզի պալատներու մէջ նստած՝ ազատագրողներու արեամբ բաժակներ փոխանակեն, ու ատով ալ գինովցած՝ ամօթալի պարտութիւն շնորհեն մեզի:
Պիտի ըսե՞ն արդեօք, որ հայրենի ժողովուրդին աննախընթաց անգործութիւն եւ արտագաղթ պատճառելով՝ զբաղած էին իրենց գրպանները լեցնելով:
Պիտի ըսե՞ն արդեօք, որ իշխանափոխութեան մարմաջէ մղուած՝ կատարեցին իշխանափոխութիւն Արցախի մէջ, քանի մը օր ետք զայն լքելու եւ յանձնելու համար:
Ի՞նչ պիտի ըսեն արդեօք:
Պիտի խօսի՞ն Մուշ ու Սասուն ազատագրելու մասին, երբ ազատագրուած Արցախը հայաթափ ըրին իրենց եսակեդրոն, շահախնդիր ու կործանարար անհոգութեամբ, իսկ միւս կողմը ի տես իրենց անհոգութեան՝ պատերազմի ախորժակով կը շարժէր:
Ու հիմա, երբ իրենց անցեալը մերժող մեր ժողովուրդը բոլորուած է շուրջը իշխանութեան մը, որ նախապաշարուած չէ սին ազգայնապաշտութեամբ եւ մղուած է մռայլ անցեալէն դուրս գալով նայիլ ապագայի մը, որու մէջ արդի ակադեմական քաղաք կ՛ուզէ կերտել՝ ինչպէս յառաջադէմ երկիրներ, եւ կը դաւանի կիրարկել «ուր հաց, հոն կաց» նշանաբանը՝ բարելաւելու համար կեանքի մակարդակը իր ժողովուրդին: Հիմա՛, այո՛, այս իշխանութիւնը իրաւունք ունի հպարտութեամբ տօնելու Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան 33-րդ տարեդարձը ու լիաբերան ըսելու, թէ ինք է իսկական իրաւատէրը հայրենի ժողովուրդի վստահութեան՝ իր հոգատար բանակաշինութեամբ եւ դպրոցաշինութեամբ, իր ծախսալից ճանապարհաշինութեամբ մինչեւ հեռաւոր գիւղերը: Նախկին իշխանութեանց օրօք սփիւռքահայ զբօսաշրջիկը ցաւով ականատես կ՛ըլլար գիւղերու պարզած խեղճուկ վիճակին, որոնք լքուած էին իրենց գրպանները միլիոններով լեցնող ղեկավար մարդոց կողմէ: Այսօր հայ գիւղացիին հոգացող կայ:
Նախկինները եկեղեցականի մը անվայել ընթացքին ետին կանգնելով անոր շարժումը«սրբազան շարժում» որակեցին եւ զինք «հայ Կանտի» կոչելով ծիծաղելի դարձան: Մոլորեցուած ամբոխի մը առջեւն անցած եկեղեցականը ո՛չ պատիւ կը բերէ իր սքեմին ու եկեղեցիին, ո՛չ ալ օգուտ՝ իր անիմաստ շարժումին:
Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան 33-րդ տարեդարձին առթիւ հազար համբոյր բոլոր անոնց, որոնք ամուր կանգնած են՝ ապահովելու եւ ամրապնդելու մեր անկախութիւնը, հակառակ ամէն կողմէ փչող քամիներու:
Հազա՜ր համբոյր երկար ժամանակէ ի վեր առաջին անգամ երեք միլիոն թիւ հաշուող մեր հայրենի ժողովուրդին՝ իր հոգատար իշխանութեան տակ շատցող ու բազմացող:
Եւ վերջապէս կ՛արժէ հոս վերյիշել խօսքը բանաստեղծին, որ կ՛ըսէ:
«Ականջ մի° դիր բամբասանքին,
Գնա՛ ճամբով անսխալ,
Եւ թող գործը քո թանկագին Լինի նրանց պատասխան»։
Կեցցէ՛ հայրենի ժողովուրդին կեանքը բարելաւող այս իշխանութիւնը: Շնորհաւոր Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան 33-րդ տարեդարձ: