Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ COP29-ի Բոլոր Մասնակիցները Պէտք Է Պաքուին Կոչ Ընեն Ազատ Արձակելու Երկրին Մէջ Պահուող Պատանդները. ԵԽ Պատգամաւոր

COP29-ի Բոլոր Մասնակիցները Պէտք Է Պաքուին Կոչ Ընեն Ազատ Արձակելու Երկրին Մէջ Պահուող Պատանդները. ԵԽ Պատգամաւոր

by MassisPost

Բոլոր անոնք, որոնք պիտի այցելեն Պաքու՝ մասնակցելու COP29-ին, պէտք է իրենց բարոյական պարտքը համարեն՝ կոչ ընել ապահովելու բռնի տեղահանուած անձերուն վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ եւ պատանդներու ազատ արձակումը։

ԵԽ նիստին այս մասին ըսած է Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Նաթալի Լուազօն:

Ան յիշեցուցած է, որ մէկ տարի առաջ Ատրպէյճանը իրականացուցած է ռազմական յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ բռնի տեղահանած է աւելի քան 100.000 մարդ:

Այս կերպ, ըստ Լուազոյի, պատմութեան մէջ ամրագրուած է 21-րդ դարու առաջին ցեղային զտման հետքը, եւ մէկ տարի անց ոչ մէկը դեռեւս հնարաւորութիւն չունի վերադառնալու իր տուն։

«Ատրպէյճանը կը շարունակէ պատանդ պահել նախորդ հակամարտութեան գերիները։ Լեռնային Ղարաբաղի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը սպառնալիքի առջեւ կանգնած է, բազում յուշակոթողներ արդէն իսկ ոչնչացուած են։ Ատրպէյճանը չէ ստորագրած խաղաղութեան համաձայնագիր Հայաստանի հետ եւ քանի մը շաբաթէն պիտի հիւրընկալէ «COP29» համաժողովը: Բոլոր անոնք, որոնք պիտի այցելեն Պաքու, իրենց բարոյական պարտքը պէտք է համարեն՝ կոչ ընելու ապահովելու վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ եւ ազատ արձակելու պատանդները»,- նշած է Լուազօն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment