Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Զգալի Յառաջընթացի Հասած Են Խաղաղութեան Համաձայնագրի Մշակման Հարցով. Պետական Քարտուղարութիւն

Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Զգալի Յառաջընթացի Հասած Են Խաղաղութեան Համաձայնագրի Մշակման Հարցով. Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մեթիու Միլլեր ճեպազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ԱՄՆ պետական քարտուղար Պլինքընի հեռախօսազրոյցներուն:

Հարցումին՝ կարելի՞ է արդեօք յուսալ, որ ան եւս մէկ հանդիպում պիտի կազմակերպէ Նիւ Եորքի մէջ, Միլլր պատասխանած է, որ ինք չունի այդ առնչութեամբ որեւէ յայտարարութիւն:

«Ակնյայտ է, որ մենք մշտապէս հնարաւորութիւններ կը փնտռենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպման համար։ Մենք կը շարունակենք աջակցիլ երկու երկիրներու ջանքերուն՝ հասնելու կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագրի։ Անոնք զգալի այռաջընթացի հասած են խաղաղութեան համաձայնագրի մշակման հարցով, եւ մենք պատրաստ ենք աջակցելու անոնց բոլոր հնարաւոր միջոցներով, ներառեալ հանդիպում հրաւիրելը, եթէ այդ օգտակար ըլլայ»,- յաւելած է է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment