Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրէն Պապիկեանը Հանդիպած Է ՉԺՀ Պաշտպանութեան Նախարար Տուն Ցզիւնի Հետ

Սուրէն Պապիկեանը Հանդիպած Է ՉԺՀ Պաշտպանութեան Նախարար Տուն Ցզիւնի Հետ

by MassisPost

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն կատարած այցի շրջանակին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Սեպտեմբեր 12-ին հանդիպած է ՉԺՀ պաշտպանութեան նախարար, ծովակալ Տուն Ցզիւնի հետ:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները կարեւորած են երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակով յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ։

Կողմերը նաեւ ընդգծած են, որ վերջին տարիներու ընթացքին ռազմական համագործակցութիւնը նկատելիօրէն յառաջընթաց ապրած է՝ ընդգրկելով նոր ուղղութիւններ։

Նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնած են Հայաստան-Չինաստան համագործակցութիւնը աւելի զարգացնելու, ներառեալ բարձրաստիճան շփումները երկու երկիրներու զինուած ուժերուն միջեւ։

Քննարկուած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment