Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախկին Նախարարը Մեղաւոր Ճանչցուած Է

Արտակարգ Իրավիճակներու Նախկին Նախարարը Մեղաւոր Ճանչցուած Է

by MassisPost

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախկին նախարար Անդրանիկ Փիլոյեան մեղաւոր ճանչցուած է իրեն առաջադրուած մեղադրանքին մէջ:

«Հայկական Ժամանակ»-ին այս մասին տեղեկացուց ԲԴԽ մամուլի խօսնակ Մէրի Գէորգեանը:

Հակափտածութեան դատարանը՝ դատաւոր Տիգրան Դաւթեանի նախագահութեամբ, հրապարակած է այս գործով եզրակացութիւնը, ըստ որուն՝ Անդրանիկ Փիլոյեանը մեղաւոր ճանչցուած է պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու, խարդախութեան եւ կաշառք ստանալու մեղադրանքներով։ Անոր նկատմամբ որպէս այլընտրանքային միջոց կիրառուած գրաւի չափը մնացած է անփոփոխ։

Պատիժի հարցին դատարանը պիտի անդրադառնայ յաւելեալ դատալսումներու փուլին. առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 20-ին։

Անդրանիկ Փիլոյանը ձերբակալուած էր 2022 թուականի Մարտ 30-ին կաշառքի բազմադրուագ գործի մեղադրանքով, իսկ Հոկտեմբեր 7-ին ան 15 միլիոն գրաւի դիմաց ազատ արձակուած էր:

Վերջինիս մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 311-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 3-րդ կէտով /3 դրուագ/ (մեծ չափերով կաշառք ստանալը): Ըստ մեղադրանքին՝ կաշառքի գործով հաստատուած բազմաթիւ պարագաներու ներգրաւուած են արտակարգ իրավիճակներու նախարար Անդրանիկ Փիլոյեանը, վերջինիս խորհրդականը, ինչպէս նաեւ ԱԻ նախարարութեան 10-էն աւելի աշխատակիցներ, այդ շարքին՝ տարբեր ստորաբաժանումներու ղեկավարներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment