Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը BRICS-ի Գագաթաժողովին Պիտի Մասնակցի Վարչապետի Մակարդակով

Հայաստանը BRICS-ի Գագաթաժողովին Պիտի Մասնակցի Վարչապետի Մակարդակով

by MassisPost

Քազանի մէջ կայանալիք BRICS- գագաթաժողովին Հայաստանը պիտի մասնակցի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մակարդակով, տեղեկութիւնը «Ազատութեան» փոխանցեց վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Բաղդասարեանը։

Նախօրէին արտաքին գործերու փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը լրագրողներու հետ զրոյցին հաստատած էր Հայաստանի մասնակցութիւնը ինչպէս BRICS-ի գագաթաժողովին, այնպէս ալ ԱՊՀ ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովին, սակայն չէր նշած ինչ մակարդակով:

BRICS-ի (Պրազիլ, Ռուսաստան, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ) ամէնամեայ գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 22-24-ին, Քազանի մէջ։

Գագաթաժողովին պիտի մասնակցի Թուրքիոյ նախագահը։ Աւելի վաղ այդ մասին յայտնած էր Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը։ Տեղեկութիւնը հաստատած է թրքական Haberturk հեռուստաալիքը՝ վկայակոչելով Ռեճեպ Էրտողանի աշխատակազմին մէջ իր աղբիւրները։

«Bloomberg»-ը օրերս գրած էր, որ Թուրքիան ամիսներ առաջ դիմած է BRICS-ին անդամակցելու համար։ Անքարան ո՛չ կը հաստատէ, ո՛չ կը հերքէ այդ լուրը։ Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Սերկէյ Ռյապքովը հաստատած է, որ Հոկտեմբերին կայանալիք հաւաքին հրաւիրուած է նաեւ Իլհամ Ալիեւը։ Պաքուն դեռ չէ հաստատած Ատրպէյճանի նախագահին սպասուող այցը։ Ատրպէյճանը BRICS-ին միանալու պաշտօնական յայտ ներկայացուցած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment