ՀՀ կառավարութիւնը հաստատած է սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան կանոնակարգը։ Հարցը ընդգրկուած էր կառավարութեան Սեպտեմբեր 5-ի նիստին՝ չզեկուցվող հարցերու շարքին եւ հաւանութիւն ստացաւ:
Կանոնակարգը Հայաստանի օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով ներկայացուած է կառավարութեան քննարկման, որմէ յետոյ պիտի մեկնարկէ Ազգային Ժողովին մէջ անոր վաւերացման ընթացակարգը, եւ այդ նպատակով փաստաթուղթը նախ պիտի ուղարկուի Սահմանադրական դատարան՝ Սահմանադրութեան անոր համապատասխանութիւնը որոշելու համար:
Յիշեցնենք՝ Սեպտեմբեր 2-ին հրապարակուած էր պաշտօնական հաղորդագրութիւն այն մասին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին Կանոնակարգը ստորագրուած է։