Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ «Ալիեւը Հաւատարիմ Մնացած Է Կեղծուած Ընտրութիւններու Միջոցով Իր Իշխանութիւնը Երկարաձգելու Աւանդոյթին». Ատրպէյճանի Ազգային Խորհուրդին Կոչը՝ Միջազգային Հանրութեան

«Ալիեւը Հաւատարիմ Մնացած Է Կեղծուած Ընտրութիւններու Միջոցով Իր Իշխանութիւնը Երկարաձգելու Աւանդոյթին». Ատրպէյճանի Ազգային Խորհուրդին Կոչը՝ Միջազգային Հանրութեան

by MassisPost

Ատրպէյճանի Ժողովրդավարական Ուժերու Ազգային Խորհուրդը կոչով դիմած է միջազգային հանրութեան՝ չճանչնալու Սեպտեմբեր 1-ին Ատրպէյճանի մէջ կայացուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները։

Խորհուրդին կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ «Սեպտեմբեր 1-ին ընտրութիւններու նշանակումը եղած է հակասահմանադրական, անոնք կայացած են ազնիւ քաղաքական մրցակցութեան բացակայութեան պայմաններու մէջ»:

Իշխանութիւնները թոյլ չեն տուած ԵԽԽՎ պատուիրակութեան դիտորդական առաքելութիւն իրականացնել ընտրութիւններուն մէջ եւ արգիլած են վեհաժողովի 76 անդամներու մուտքը Ատրպէյճան։

Խորհուրդին տեղեկութիւններով՝ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են Abzas Medif-ի, Toplum TV-ի, Kanal 13-ի լրագրողներու կալանաւորումներու եւ ազատազրկումներու լոյսին տակ, ովքեր ունէին ընտրութիւնները լուսաբանելու մասնագիտական ​​փորձ,  ընտրողներու  մեծամասնութիւնը  չէ  մասնակցած ընտրութիւններուն, իսկ  ովքեր  գացած  են  քուէարկութեան,  ներգրաւուած  են վարչական աղբիւրներու միջոցով։

«Իլհամ Ալիեւը հաւատարիմ մնացած է կեղծուած ընտրութիւններու միջոցով իր իշխանութիւնը երկարաձգելու աւանդոյթին: Անոր համար Ազգային Խորհուրդը որոշեց պոյքոթել ակնյայտ կեղծուած ընտրութիւնները»,- կ’ըսուի Խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:

Ազգային Խորհուրդը կոչ կ’ընէ ժողովուրդին աշխուժօրէն պայքարելու նոր ժողովրդավարական ընտրութիւններու կայացման համար, իսկ միջազգային հանրութեան՝ չճանչնալու ընտրութիւններուն կեղծ արդիւնքները, ինչպէս նաեւ դատապարտելու կեղծիքներու գործընթացը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment