Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղի Շրջափակման Ժամանակ Ատրպէյճանը Խոչընդոտած Է Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին Աշխատանքը

Լեռնային Ղարաբաղի Շրջափակման Ժամանակ Ատրպէյճանը Խոչընդոտած Է Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին Աշխատանքը

by MassisPost

Փտածութեան եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան հետազօտման կեդրոնը յօդուած հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման ժամանակ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի աշխատանքի դժուարութիւններուն եւ ատրպէյճանական կողմի յարուցած խոչընդոտներուն մասին։

Յօդուածին համաձայն՝ հազարաւոր մարդոց սովի մատնությեան եւ շրջափակման ժամանակ Կարմիր Խաչը օգնութիւն հասցնելու գործին մէջ տարբեր խոչընդոտներու բախած է, այդ շարքին՝ ատրպէյճանական Կարմիր Մահիկի պատճառով, որ կոչուած է գործելու հաւասարութեան սկզբունքին հաւատարիմ:

«Իւրաքանչիւր յաջորդ շարասիւնին հետ ամէն ինչ աւելի ու աւելի կը բարդանար։ Ատրպէյճանական կողմը մեր վրայ ճնշում կը գործադրէր՝ սկսած մանր կազմակերպչական հարցերէն, այդ շարքին՝ տեղաշարժի արգելք, մինչեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութեան ստեղծած լուրջ խնդիրներ»,- ըսած է ԿԽՄԿ-ի նախկին աշխատակիցը, որ մասնակցած է կազմակերպութեան աշխատանքներուն:

Կը նշուի նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման ընթացքին լուրջ խախտումներ եղած են։ Մասնաւորապէս՝ ատրպէյճանական Կարմիր Մահիկի տեղական բաժանմունքը հրապարակայնօրէն հանդէս եկած է Լղ-ի մէջ ԿԽՄԿ-ի աշխատանքին դէմ։

Կարմիր Մահիկի պաշտօնեաները պարտաւորուած եղած են պահպանել չէզոքութիւնը, անկողմնակալութիւնն ու միասնականութիւնը, հակառակ անոր՝ անոնք բազմիցս կրկնած են Ատրպէյճանի կառավարութեան յայտարարութիւնները, հրապարակայնօրէն կասկածի տակ դրած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն տառապանքները եւ ԿԽՄԿ առաքելութեան հեղինակութիւնը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment