Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութինի Այցէն Յետոյ Ատրպէյճանը Սկսած Է Կեղծ Ու Սադրիչ Լուրեր Տարածել Սահմանային Իրադրութեան Մասին

Փութինի Այցէն Յետոյ Ատրպէյճանը Սկսած Է Կեղծ Ու Սադրիչ Լուրեր Տարածել Սահմանային Իրադրութեան Մասին

by MassisPost

Առնուազն միամտութիւն պիտի ըլլայ ենթադրել, թէ պատահականութիւն է, որ Փութինի այցէն յետոյ ատրպէյճանական կողմը սկսած է կեղծ ու սադրիչ լուրեր տարածել Հայաստանի հետ սահմանային իրադրութեան մասին։

Նախօրէէն Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կեղծ լուրեր կը տարածէ, թէ ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի հատուածին տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, ինչին արձագանգած է ՀՀ ՊՆ-ն՝ հերքելով  ատրպէյճանական կողմի տարածած ապատեղեկատուութիւնը։

Ուշագրաւ է, որ տեւական դադարէ յետոյ ատրպէյճանական կողմը սկսաւ կեղծ ու սադրիչ լուրեր տարածել այն բանէն յետոյ, երբ Ռուսաստանի նախագահ Փութինը պաշտօնական այցով այցելեց Պաքու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment