Ռուս-ասիական գործարար խորհուրդի նախագահ Մաքսիմ Քուզնեցովի կարծիքով՝ չնայած համաշխարհային չափանիշերով տնտեսութեան համեստ չափերուն՝ Հայաստանը բաւականին մեծ ներուժ ունի, ինչ որ վերջինիս գրաւիչ կը դարձնէ ՊՐԻՔՍ-ի եւ ՇՀԿ-ի (Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութիւն) երկիրներուն հետ համագործակցութեան առումով։
«ՊՐԻՔՍ-ի եւ ՇՀԿ-ի անդամ երկիրներուն հետ Հայաստանի համագործակցութեան հեռանկարները կան ինչպէս երկկողմ առեւտուրի, այնպէս ալ երկկողմ ներդրումներու առումով։ Առեւտուրէն կը շահին բոլորը։ Հայաստանը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ արտահանելու մեծ շուկայ եւ ներմուծելու որոշակի տեսակի ապրանքներ այդ շուկայէն։ Այս փոխանակումը եւ անոր աշխուժացումը կրնան աւելի մեծ ներուժ ապահովել։ Ժամանակի ընթացքին համատեղ ներդրումային ծրագրեր եւս պիտի իրականացուին։ Հայաստանի տնտեսութիւնը լաւ յարաշարժութիւն ցոյց կու տայ, ինչ որ կրնայ գրաւիչ ըլլալ ՊՐԻՔՍ-ի եւ ՇՀԿ-ի երկիրներու ներդրողներուն համար», – «ԹԱՍՍ»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է Քուզնեցովը։