Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկացի Քաղաքացիական Խորհրդատուն ՊՆ-ի Մէջ Խորհրդատուական Աջակցութիւնը Յառաջիկայ Ամիսներուն Մտադիր Է Սկսիլ. Դեսպանատուն

Ամերիկացի Քաղաքացիական Խորհրդատուն ՊՆ-ի Մէջ Խորհրդատուական Աջակցութիւնը Յառաջիկայ Ամիսներուն Մտադիր Է Սկսիլ. Դեսպանատուն

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան քաղաքացիական խորհրդատուն մտադիր է խորհրդատուական աջակցութիւնը սկսիլ յառաջիկայ ամիսներուն, «Ազատութեան» յայտնած են ԱՄՆ դեսպանատունէն՝ պատասխանելով հարցումն, թէ ճշգրիտ եր՞բ ԱՄՆ ներկայացուցիչը աշխատանքը պիտի սկսի Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ։

Օրերս «Հետք»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ԱՄՆ պետական փոխքարտուղար Ազրա Զեյան յայտնած էր, որ ամերիկեան բանակին ներկայացուցիչը պիտի աշխատի Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ։

Դեսպանատունէն պարզաբանած են, որ Համաշխարհային պաշտպանական բարեփոխումներու ծրագրի խորհրդատուն չի ֆինանսաւորուիր ԱՄՆ բանակին կամ Պաշտպանութեան բաժանմունքին կողմէ։ Ֆինանսաւորումը կ’ապահովէ Պետական Քարտուղարութիւնը, եւ խորհրդատուն պիտի աջակցի Հայաստանի պաշտպանական հաստատութիւններու ամրապնդման։

«ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Համաշխարհային պաշտպանական բարեփոխումներուն ծրագիրը աշխարհով մէկ կ’աջակցի գործընկեր պետութիւններուն աւելի դիմակայուն, արդիւնաւէտ ու հաշուետու անվտանգային հաստատութիւններու ձեւաւորման հարցով՝ ապահովելով ռազմավարական մակարդակի խորհրդատուական աջակցութիւն», – յայտնած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը։

Ճշգրիտ ու՞ր պիտի տեղակայուի խորհրդատուն, արդեօ՞ք Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ։ Դեսպանատան փոխանցմամբ՝ խորհրդատուն պիտի աշխատեի Հայաստանի մէջ՝ «կանոնաւոր աշխատանքային շփումներ ունենալով դեսպանութեան եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ»:

«Խորհրդատուական աջակցութեան միջոցով Միացեալ Նահանգները մտադիր է աջակցիլ Հայաստանին՝ անվտանգութեան ոլորտի կառավարման բարելաւման հարցով, որ իր հերթին պիտի նպաստէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման»,- նշուած է դեսպանատան գրաւոր պատասխանին մէջ։

ԱՄՆ դեսպանատունը նաեւ ռազմական կցորդ ունի Հայաստանի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment