Յուլիս 10-ին Ուաշինկթընի մէջ ՆԱԹՕ-ի կազմաւորման 75-ամեակին նուիրուած գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ, ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ եռակողմ հանդիպումը:
«Ես շատ ուրախ եմ այսօր հանդիպելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներուն հետ։ Երեւանն ու Պաքուն մեծ աշխատանք կատարած են խաղաղ բանակցութիւններու ուղղութեամբ, որոնք նոր հնարաւորութիւններ կը բանան տարածաշրջանի երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման համար։ ԱՄՆ Եւրոմիութեան եւ միւս գործընկերներուն հետ աջակցած է գործընթացին: Այս հանդիպումը հնարաւորութիւն է վերանայելու արձանագրուած յառաջընթացը»,- ըսած է պետական քարտուղարը։
Վերլուծելով տեղի ունեցած բոլոր շփումները, այդ շարքին՝ վերջին շաբաթներու քննարկումները՝ Պլինքըն կարծիք յայտնած է, որ կողմերը մօտ են խաղաղութեան համաձայնագրի ձեռքբերման։
«Մենք հաւաքուած ենք քննարկելու, թէ ինչ կրնայ ընել Միացեալ Նահանգները համաձայնութեան հասնելու համար»,- յաւելած է ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնեան։
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին՝ Ուաշինկթընի մէջ եռակողմ հանդիպում կազմակերպելու համար:
X-ի իր էջով կատարած գրառմամբ Միրզոյեան վերահաստատած է Հայաստանի քաղաքական կամքը հնարաւորինս շուտ աւարտելու եւ կնքելու խաղաղութեան պայմանագիր Ատրպէյճանի հետ՝ նպատակ ունենալով հաստատել կայուն խաղաղութիւն եւ կայունութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ:
Կողմերը նշած են խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ պատմական պայմանագրի կնքման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ արձանագրուած յառաջընթացը եւ համաձայնած են շարունակել աշխատանքները։
էնթընի Պլինքըն հանդիպման ընթացքին նշած է, որ Պաքուն եւ Երեւանը մօտ են խաղաղութեան պայմանագրի կնքման։