Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Ստացած Է ՆԱԹՕ-ի Գործընկերներու Հետ Հանդիպման Մասնակցելու Ուաշինկթընի Հրաւէրը Եւ Ընդունած Է

Հայաստանը Ստացած Է ՆԱԹՕ-ի Գործընկերներու Հետ Հանդիպման Մասնակցելու Ուաշինկթընի Հրաւէրը Եւ Ընդունած Է

by MassisPost

Հայաստանը ստացած է Ուաշինկթընի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին՝ գործընկերներու ձեւաչափով միջոցառման եւ կազմակերպութեան 75-ամեակին նուիրուած յարակից միջոցառումներուն մասնակցելու հրաւէր եւ հաստատած է մասնակցութիւնը, «Ազատութեան» յայտնեց ԱԳՆ խօսնակ Անի Բադալեանը:

Այդ հաւաքին հրաւիրուած է նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը, Պաքուի մէջ յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Ճէյմզ Օ’պրայընը:

Հնարաւո՞ր է արդեօք, որ Ուաշինկթընի մէջ հայ-ատրբպէյճանական բանակցութիւն տեղի ունենայ, դեռ պարզ չէ։ Արտաքին գործերու նախարարութենէն նշած են, որ այս պահին այլ պայմանաւորուածութիւն չկայ։

Նախօրէին ատրպէյճանական «Թուրան»ը, իր աղբիւրներուն յղում ընելով գրած էր, թէ Պայտընի վարչակազմը կը ծրագրէ Երեւանն ու Պաքուն հրաւիրել Յուլիս 9-11-ին կայանալիք ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ գործընկերներու հաւաքին, նաեւ՝ խաղաղութեան պայմանագիրը ամբողջացնելու նպատակով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment