Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ըստ Փորձագէտին՝ ԵՄ-ի Մէջ Երեւանէն Կ’ակնկալեն Ռուսական Ուղեծիրէն Հեռանալու Յաստակ Քայլեր

Ըստ Փորձագէտին՝ ԵՄ-ի Մէջ Երեւանէն Կ’ակնկալեն Ռուսական Ուղեծիրէն Հեռանալու Յաստակ Քայլեր

by MassisPost

ԵՄ գագաթնժողովը Յունիսի վերջին հաստատեց ԵՄ նոր ղեկավարները․ Փորթուկալի նախկին վարչապետ Անթոնիօ Քոսթան նշանակուեցաւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ, Էսթոնիոյ վարչապետ Քայա Քալասը՝ արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր յանձնակատար, Ուրսուլա վոն տեր Լայենը՝ երկրորդ ժամկէտով Եւրոյանձնաժողովի ղեկավար։

Ըստ «Ազատ Եւրոպա/Ազատութիւն» ռատիօկայանի եւրոպական հարցերով փորձագէտ Ռիքարտ Եոզվիաքի՝ անհատական առումով սա լաւագոյն կազմն է, որ Հայաստանը կրնար յուսալ: Այս կազմը, փորձագէտին կարծիքով, Հայաստանի օգտին է ԵՄ ձգտումներուն մէջ։

«Հիմա այն բաներուն մասին, որոնք ձեր օգտին չեն․ ընդլայնումը կ’որոշեն ԵՄ բոլոր անդամ երկիրները՝ ազգային մայրաքաղաքներուն մէջ։ Ես հիմա կը կարծեմ, որ այդ ընդլայնումը կրնայ այլեւս այդքան հանրահռչակ չըլլալլ: Խօսքս յատկապէս, օրինակ, Հոլանտայի նոր կառավարութեան մասին է, որ բաւականին թերահաւատօրէն կը վերաբերի նոր ընդլայնման։ Ես կը մտածեմ Ֆրանսայի մէջ սպասուող ընտրութիւններուն մասին, ուր Լը Փենը, նոյնիսկ չյաղթելու պարագային, խորհրդարանին մէջ շատ մեծ թիւով պատգամաւորներ պիտի ստանայ։ Եւ անոնք առանձնապէս կողմնակից չեն ընդլայնման: Այնպէս որ, ինձ աւելի շատ կը մտահոգեն առանձին անդամ երկիրները ու անոնց դժկամութիւնը աւելի շատ երկրներ ընդունելու համար, ինչպէս նաեւ ապագային Հայաստանի անդամակցութեան վրայ վեթօ դնելու հնարաւորութիւնը։ Կը կարծեմ՝ լաւ է, որ այս մարդիկ Պրիւքսէլի մէջ կան։ Բայց պէտք է մարդիկ ունենալ նաեւ տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ, մարդիկ որոնք հայամէտ են եւ կ’ողջունեն եւրոպական ընդլայնումը», – ըսաւ Եոզվիաքը։

Դիտարկման, թէ այնուամենայնիւ դեռ հնարաւորութիւն կայ, որ Հայաստանը ստանայ թեկնածու երկրի կարգավիճակ, փորձագէտը այսպէս արձագանւեց․ «Անկախ անկէ, թէ դուք թեկնածուի կարգավիճակ կը ստանաք յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին, դուք միշտ կրնաք դիմել, ատիկա միշտ ալ հաւանական է։ Բայց խնդիրը այն է, որ, ինչպէս ես կը լսեմ նաեւ Եւրոմիութենէն եւ Պրիւքսէլէն, անոնք կ’ըսեն՝ «այո՛, բայց մենք կ’ուզենք տեսնել յստակ քայլեր, որ դուն կը հեռանես ռուսական ուղեծիրէն»։ Իսկ ատիկա կը նշանակէ հեռանալ ՀԱՊԿ-էն, ատիկա կը նշանակէ դուրս գալ Մաքսային Միութենէն։ Եւ անոնք իրականութեան մէջ այնքան ալ չեն հաւատար, որ Հայաստանը իսկապէս պատրաստ է ընելու այդ քայլերը Ռուսաստանի հետ, քանի որ անոնք դեռ որոշակի առումով կ’ապրին 2013 թուականին տեղի ունեցածի ստուերին մէջ, երբ Հայաստանը պէտք է ստորագրէր Եւրոմիութեան ընկերակցման համաձայնագիրը, բայց վերջին պահուն հեռացաւ։ Նախքան խօսիլը, պէտք է քայլեր ձեռնարկել: Եւ ատիկա այն է, ինչ անոնք կ’ուզեն տեսնել՝ նախքան պատրաստ ըլլալը ամբողջութեամբ ընդունելու Հայաստանի ընթացքը դէպի Արեւմուտք»:

Ընկերակցման համաձայնագրին շուրջ աւելի քան երեք տարի Եւրոմիութեան հետ բանակցելէ յետոյ, 2013 թուականի Սեպտեմբերին, Հայաստանը յայտարարեց Մաքսային Միութեան, ապա՝ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցելու որոշման մասին։ Տարիներ անց Հայաստանը եւ Եւրոմիութիւնը յարաբերութիւնները խորացնելու համար նախաստորագրեցին մէկ այլ՝ համապարփակ շրջանակային համաձայնագիր, որ ստորագրուեցաւ 2017-ի Նոյեմբեր 24-ին, Պրիւքսէլի մէջ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment