Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արման Սահակեանը Ինքզինք Մեղաւոր Ճանչցած Է Եւ Ամբողջութեամբ Վերականգնած Է Պետութեան Պատճառած Շուրջ 178 Միլիոն Դրամի Վնասը

Արման Սահակեանը Ինքզինք Մեղաւոր Ճանչցած Է Եւ Ամբողջութեամբ Վերականգնած Է Պետութեան Պատճառած Շուրջ 178 Միլիոն Դրամի Վնասը

by MassisPost

Նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատար անձի գործողութիւններու հետեւանքով պետութեան պատճառուած շուրջ 178 միլիոն ՀՀ դրամի վնասը ամբողջութեամբ վերականգնուած է. քրէական վարոյթով նախաքննութիւնը աւարտած է:

ՀՀ Հակափտածութեան կոմիտէին հաղորդմամբ, նախաքննութեամբ պարզուած է, որ ՀՀ ԿԱ Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետի պաշտօնը զբաղեցուցած Արման Սահակեանը, չարաշահելով իր պաշտօնական լիազօրութիւնները, շուրջ 178 միլիոն ՀՀ դրամ շուկայական արժէքով պետական անշարժ գոյքը օրէնքով սահմանուած կարգի խախտմամբ օտարած է իր հետ փոխկապակցուած անձերու անուամբ հիմնադրուած կազմակերպութեան:

Ա. Ս.-ն յիշեալ անշարժ գոյքը օրէնքով սահմանուած կարգի խախտմամբ՝ ուղղակի վաճառքով, օտարած է իր հետ փոխկապակցուած անձերու անուամբ հիմնադրուած կազմակերպութեան, ինչի հետեւանքով պետութեան պատկանող առանձնապէս խոշոր չափերու՝ 177.539.790 ՀՀ դրամ շուկայական արժէքով գոյքը դուրս եկած է պետութեան գոյքային ֆոնտէն:

Նախաքննութեան ընթացքին Արման Սահակեանին մեղադրանք ներկայացուած է ՀՀ նախկին Քրէական օրէնսգիրքի 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասով: Ներկայացուած մեղադրանքով վերջինս ինքզինք լիովին մեղաւոր ճանչցած է եւ ամբողջութեամբ վերականգնած է պետութեանը պատճառուած վնասը:

Քրէական վարոյթով նախաքննութիւնը աւարտած է, եւ վարոյթի նիւթերը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած են դատարան՝ ըստ էութեան քննելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment