«Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին սպառազինութեան վաճառքը հարուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին»,- APA գործակալութեան փոխանցմամբ, Պաքուի մէջ յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավար, Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։
«Սպառազինման ֆրանսական քաղաքականութիւնը խթան պիտի հանդիսանայ Հայաստանի մէջ գործող վրէժխնդրական ուժերուն համար։ Հայաստանին մահաբեր զէնքերու մատակարարումը լուրջ մտահոգութիւններու տեղիք կու տայ։ Որպէս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամ, Ֆրանսան պէտք է պատասխանատու քաղաքականութիւն վարէ»,- նշած է ՀաՃիեւ՝ յաւելելով․ «Հայաստանը այն երկիրն է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ յարձակում եւ զաւթում իրականացուցած է։ Նման պետութեան զինումը անթոյլատրելի է»։
Հայաստանն ու Ֆրանսան յայտարարեցին, որ «Սեզար» հրետանային համակարգերու ձեռքբերման պայմանագիր ստորագրած են։
Պաքուն դատապարտեց այդ գործարքը, յայտարարելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ «պատերազմի նոր օճախ ստեղծելու ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ Մաքրոնի բռնապետութիւնը»։
Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնն ալ արձագանգեց՝ մարտունակ եւ ժամանակակից զինուորական սարքերով սպառազինուած բանակ ունենալը որեւէ երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է։