Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Վարչապետը Ընդունած Է Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Ղեկավարութիւնը․ Անդրադարձ Կատարուած Է Խաղաղութեան Գործընթացին

Վարչապետը Ընդունած Է Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Ղեկավարութիւնը․ Անդրադարձ Կատարուած Է Խաղաղութեան Գործընթացին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ամերիկայի հայկական համագումարի (ԱՀՀ) ղեկավարութիւնը՝ նախագահ Քերոլին Մուկարիի գլխաւորութեամբ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-ԱՄՆ համագործակցութեան, Հայաստան-Սփիւռք կապերուն, ՀՀ կառավարութեան ծրագրերուն, իրականացուող բարեփոխումներուն, Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման քայլերուն վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին, ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին եւ այլ հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment