Այսօր ԵՄ առնուազն երեք երկիր պաղ պատերազմ յայտարարած է Պաքուին:
Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Թրքալեզու պետութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովին ժամանակ։ Անոր խօսքերը մէջբերած է Trend լրատուական գործակալութիւնը։
«Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն եւ յատկապէս անցեալ տարուայ հակաահաբեկչական գործողութենէն յետոյ որոշ եւրոպական երկիրներ սկսան անհիմն եւ անբարեխիղճ յարձակումներ գործել մեր վրայ։ Անոնք կը նսեմացնեն Ատրպէյճանը, ստուեր կը նետեն մեր ըրածին վրայ, սպիտակը կ’անուանեն սեւ, սեւը` սպիտակ»,- ըսած է ան՝ յաւելելով, որ խօսքը ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանին աջակցութեան մասին է։
Ալիեւի խօսքով, Պրիւքսէլի գործողութիւնները «հիմնուած են ոչ թէ միջազգային իրաւունքի կանոններու, այլ անձնական յաւակնութիւններու վրայ»։
«Ցաւօք սրտի, որոշ երկիրներ, որոնք կը ձգտին յատուկ տեղ զբաղեցնել Եւրոպայի մէջ, կրցած են նոյնիսկ հակաատրպէյճանական միաւորում կազմել։ Այսօր ԵՄ անդամ առնուազն երեք երկիր պաղ պատերազմ յայտարարած են Ատրպէյճանին։ Անոնք յայտնի են»,- ըսած է Ալիեւ, սակայն չէ յստակացուցած, թէ որ պետութիւնները նկատի ունի։
Միեւնոյն ժամանակ Ալիեւ դրական որակած է Ատրպէյճանի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները: