Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոմիութեան Դիտորդական Առաքելութիւնը Հայաստանի Մէջ Ռուսաստանի, Իրանի Եւ Ատրպէյճանի Դէմ Հետախուզական Տուեալներ Կը Հաւաքէ. Կալուզին

Եւրոմիութեան Դիտորդական Առաքելութիւնը Հայաստանի Մէջ Ռուսաստանի, Իրանի Եւ Ատրպէյճանի Դէմ Հետախուզական Տուեալներ Կը Հաւաքէ. Կալուզին

by MassisPost

ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցին այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։

«Այսօր Հայաստանի առջեւ ծառացած բազմաթիւ վտանգներ կրնան մեղմացուիլ, եթէ 2022 թուականին Երեւանը համաձայնէր ՀԱՊԿ-ի միջոցով Ատրպէյճանի հետ սահմանին իրավիճակի կայունացման միջոցառումներու համալիր իրականացնելու առաջարկին: Ցաւօք, Հայաստանի ղեկավարութիւնը նախընտրեց հրաւիրել ԵՄ առաքելութիւնը, որ ամենեւին ալ չի պաշտպաներ պետութեան սահմանները, այլ «դիտարկումի» անուան տակ զբաղուած է Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսաստանի դէմ հետախուզական տուեալներու հաւաքագրմամբ»,- յայտնած է դիւանագէտը:

Ինչպէս ընդգծած է Կալուզինը, ՀԱՊԿ-ի պարագային «խօսքը լուրջ նախաձեռնութիւններու մասին էր, այդ շարքին՝ ռազմատեխնիկական օգնութեան, դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու, սահմանապահ զօրքերու պատրաստման հարցով օգնութեան»։

Միխայիլ Կալուզին ըսած է որ, Հայաստանը դադրած է հետաքրքրութիւն ցուցաբերել Ռուսաստանի հետ շփումներու նկատմամբ արտաքին գործերու եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջոցով, ինչ որ Արեւմուտքի ճնշման արդիւնքն է:

«2023 թուականի Նոյեմբերէն ի վեր արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպումներ չեն եղած։ Գործընկերները հետաքրքրութիւն չեն ցուցաբերած արտաքին գործերու նախարարութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւններու մէկ այլ ծրագիր մշակելու եւ կնքելու վերաբերեալ: Գերատեսչութիւններուն մէջ նկատելիօրէն նուազած է նաեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը։ Այնուամենայնիւ, մենք կ’ակնկալենք խնդրայարոյց հարցերու եւ գրգռիչներու վերացման ուղղութեամբ աշխատելու՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն հրապարակային մտադրութիւնը, մենք պատրաստ ենք անոր»,- ընդգծած է Կալուզինը։

Միաժամանակ արտաքին գործերու փոխնախարարը նշած է, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ երկկողմ շփումները չեն ընդհատուիր։

«Օրերս՝ Մայիս 8-ին՝ Եւրասիական Բարձրագոյն Տնտեսական Խորհուրդի հերթական նիստի շրջանակներուն մէջ, տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը»,- նշած է արտաքին գործերու փոխնախարարը։

Ան յաւելած է, որ առեւտրատնտեսական ոլորտին մէջ երկիրները ունին ամենազգալի արդիւնքները: «Տնտեսական համագործակցութեան երկկողմանի միջկառավարական յանձնաժողովը արդիւնաւէտ կ’աշխատի փոխվարչապետներու՝ Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ Մհեր Գրիգորեանի համագործակցութեամբ»,- եզրափակած է Կալուզինը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment