Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բողոքի Շարժումներու Ընթացքին Յանցաւոր Դէպքերու Առթիւ Նախաձեռնուած Վարոյթներով 25 Անձի Նկատմամբ Յարուցուած Է Քրէական Հետապնդում, 10 Անձ Կալանաւորուած Է

Բողոքի Շարժումներու Ընթացքին Յանցաւոր Դէպքերու Առթիւ Նախաձեռնուած Վարոյթներով 25 Անձի Նկատմամբ Յարուցուած Է Քրէական Հետապնդում, 10 Անձ Կալանաւորուած Է

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական Կոմիտէն ամփոփած է 2024թ. Ապրիլ 20-էն Տաւուշի մարզին, ինչպէս նաեւ Հանրապետութեան այլ բնակավայրերուն մէջ իրականացուող բողոքի շարժումներու ընթացքին կատարուած առերեւոյթ յանցաւոր դրսեւորումներու առնչութեամբ նախաձեռնուած քրէական վարոյթներու ընդհանուր շարժընթացը։

Քննչական Կոմիտէի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ տուեալ ժամանակահատուածին մէջ բողոքի շարժումներուն մասնակից քաղաքացիներու կողմէ կատարուած առերեւոյթ յանցաւոր դրսեւորումներու առթիւ ՀՀ Քննչական Կոմիտէի տարբեր ստորաբաժանումներու մէջ նախաձեռնուած է ընդհանուր 30 քրէական վարոյթ։ Անոնք նախաձեռնուել են Տաւուշի մարզին, Երեւան քաղաքին եւ միւս մարզերուն մէջ ճանապարհները փակելու ընթացքին կատարուած առերեւոյթ խուլիկանական արարքներու, անոնց ընթացքին գոյքերու դիտաւորեալ վնասման, ֆիզիքական ներգործութեան, ոստիկանութեան աշխատակիցի օրինական ծառայողական գործունէութեան միջամտելու, ինքնաշարժներով ճանապարհները փակելու, անուադողեր հրկիզելով երթեւեկութիւնը խաթարելու, ինչպէս նաեւ՝ ապօրինի պաղ զէնք կրելու, հաւաքներուն մասնակցելու նպատակով քաղաքացիները շահագրգռելու, լրագրողի մասնագիտական գործունէութիւնը խոչընդոտելու, այլոց նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու, ցոյցերուն հրազէնով մասնակցելու հրապարակային կոչեր հնչեցնելու, բռնութիւն գործադրելու միջոցով իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութեան, շարժումին մասնակիցներու կողմէ ապօրինի թմրամիջոց ձեռք բերելու, պահելու եւ այլ դէպքերուն։

Նշուած վարոյթներու շրջանակներուն մէջ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է ընդհանուր 25 անձի նկատմամբ։ Անոնցմէ 12 անձի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment