Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դրամատնային Համակարգը Հայաստանի Ամենակայացած Եւ Անկախ Կառոյցն Է. ՀՀ Նախագահ

Դրամատնային Համակարգը Հայաստանի Ամենակայացած Եւ Անկախ Կառոյցն Է. ՀՀ Նախագահ

by MassisPost

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը ընդունած է Հայաստանի Դրամատուներու Միութեան նախագահ Դանիէլ Ազատեանը:

Ողջունելով հիւրը՝ Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ դրամատնային համակարգը Հայաստանի ամենակայացած եւ անկախ կառոյցն է, որ իր ստեղծման օրէն մինչեւ օրս կարեւոր դերակատարութիւն կ’իրականացնէ երկրի տնտեսութեան կայունութեան եւ զարգացման գործին մէջ:

Իր խօսքին մէջ, նախագահը առանձնայատուկ ընդգծած է դրամատնային համակարգին մէջ առողջ մրցակցութեան առկայութեան էական նշանակութիւնը, ինչ որ կ’երաշխաւորէ համակարգի շարունակական կատարելագործումն ու ճկունութիւնը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման հնարաւորութեան համար՝ Դանիէլ Ազատեան նշած է, որ Միութեան ստեղծման առաջնային նպատակներէն է ինչպէս Հայաստանի մէջ դրամտուներու շահերու անաչառ պաշտպանութիւնը, այնպէս ալ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ մատնանշուած դրամատնային համակարգին մէջ մրցակցային միջավայրի ապահովութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին Դանիէլ Ազատեանը Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած է Դրամատուներու Միութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններու վերաբերեալ մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է հայաստանեան դրամատնային համակարգին մէջ ընթացող զարգացումներուն, առկայ խնդիրներուն եւ վերջիններուս յաղթահարման հնարաւորութիւններուն:

Զրոյցի ընթացքին նախագահ Վահագն Խաչատուրեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է նախագահի լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ հնարաւորինս աջակցելու երկրին մէջ դրամատնային ոլորտի բարեփոխման ու զարգացման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment