Չապահար նաւահանգիստէն օգտուելու հարցին առնչութեամբ հայկական կողմէ Հնդկաստանը կը սպասէ մանրամասնութիւններու հայկական կողմէ եւ անպայման հաշուի պիտի առնէ, երբ այդ առումով Հայաստանէն յստակ առաջարկներ ստանայ։
«Արմէնփրես»-ին տուած հարցազրոյցին այս մասին ըսաւ Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհան՝ յայտնելով, որ նաւահանգիստէն օգտուելու հարցին առնչութեամբ ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնէլ Սանոսեանը 2023 թուականի Դեկտեմբերին այցելած է Չապահար նաւահանգիստ։
Հնդկաստանի դեսպանը ուշադրութիւն հրաւիրեց այն փաստին վրայ, որ Չապահար նաւահանգիստը համատեղ կը զարգացուի Հնդկաստանի եւ Իրանի կողմէ։
«Հայկական կողմէն մենք կը սպասենք մանրամասնութիւններուն, եւ մենք ատիկա անպայման հաշուի պիտի առնենք, երբ հայկական կողմէն յստակ առաջարկներ ստանանք»,- ընդգծեց դեսպանը՝ նշելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ տեղի ունեցած քննարկումներուն մէջ ՀՀ ներկայացուցիչները Չապահար նաւահանգիստէն օգտուելու հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են։
Անդրադառնալով Հնդկաստանէն մինչեւ Չաւահար նաւահանգիստ, այնուհետեւ դէպի Սեւ ծով հաղորդակցման ուղիի զարգացման գործին մէջ Երեւանի հնարաւոր դերակատարութեան՝ դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհան նշեց, որ Հայաստանը, ըլլալով դէպի ծով ելք չունեցող երկիր, միանշանակ կապի աւելի շատ ծրագրերու կարիք ունի։
«Եթէ այդ իրականանայ, ապայ կը կարծեմ որ պիտի օգնէ, որ Հայաստանը կարենայ յաղթահարել այն փաստը, որ կը հանդիսանայ դէպի ծով ելք չունեցող երկիր»,- եզրափակեց դեսպանը։