Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստանը շատ աշխոյժ եւ բովանդակալից քննարկումներ կ’ունենան անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան մասին, այդ նոյնպէս շարունակական թեմա է։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Քրիսթինա Քվինը «Ազատութեան» տուած հարցազրոյցի ընթացքին:
Անցեալ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի արեւմտեան գործընկերները խոստացան յաւելեալ ֆինանսական աջակցութիւն եւ վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան ու ժողովրդավարութեան ամրապնդման։ Արդեօք որեւէ համաձայնագիր ստորագրուած է՝ երաշխաւորելու, որ այս աջակցութիւնը ըլլայ շարունակական՝ անկախ, թէ ինչպէս պիտի աւարտին քանի մը ամիսէն Պրիւքսէլի ու ԱՄՆ-ի մէջ սպասուող ընտրութիւնները:
«Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան, ԱՄՆ դեսպանը պատասխանած է․ «Պայմանաւորուածութիւնը այն էր, որ մենք պարզապէս պիտի շարունակենք մեր շատ լաւ եւ աճող երկխօսութիւնը։ Կրնամ ըսել, որ անցած մէկ տարուան մէջ, ինչ ես եկած եմ Հայաստան, մեր յարաբերութիւնները գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ ընդլայնուած եւ խորացած են։ Եւ ես կը կարծեմ, որ այն ամէնը, որ մենք ընդգծեցինք պրիւքսէլեան բարձր մակարդակի հանդիպման ընթացքին, պարզապէս ցոյց կու տայ այն յառաջընթացը, որուն հասած ենք, յատկապէս՝ վերջին քանի մը տարիներուն: Եւ ես կը կարծեմ, որ յառաջիկային պիտի շարունակենք յառաջընթացը»:
Միացեալ Նահանգները կը դիտարկէ՞ Հայաստանի սահմանին Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան միանալու հնարաւորութիւնը, ինչպէս այդ ըրաւ Գանատան նախորդ տարի։
Քրիսթինա Քվինը տեղեկացուցած է, որ մինչեւ հիմա նման ծրագիր չունին, բայց, ապագային ոչինչ կը բացառուի։
Վերջին հարցախոյզերուն համաձայն անվտանգութիւնն է հայաստանցիները ամէնէն շատ յուզող խնդիրը։ Ֆրանսան ամրապնդեց ռազմական համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ՝ մատակարարելով զինատեսակներ՝ չնայած խոչընդոտներուն։ Միացեալ Նահանգները պիտի հետեւի՞ Ֆրանսայի օրինակին։
ԱՄՆ դեսպանը այս հարցումին ի պատասխան նշած է, որ իր կարծիքով վերջին մէկ տարուան մէջ այս թեմայով զգալի ընդլայնում ունեցած են: «Ընդամէնը քանի մը օրինակ. անցեալ տարի մենք մեր առաջին համատեղ զօրավարժութիւնը անցուցրինք 2008 թուականէն ի վեր: Կը կարծեմ՝ այդ շատ կարեւոր ազդանշան է, որ Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստանը կրնան աշխատիլ իրար հետ պաշտպանական ոլորտին մէջ, նաեւ յաւելեալ ուղիներ կը փնտռենք, որ կարենանք շարունակել այդ աշխատանքը:
«Մենք նաեւ պիտի ունենանք խորհրդական, որ կրնայ գալ եւ նստիլ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ՝ օգնելու կարողութիւններու զարգացման, յատկապէս այն պատճառով, որ Հայաստանը շահագրգռուած է ընդլայնելու իր մասնակցութիւնը այնպիսի հարցերու մէջ, ինչպիսիք են խաղաղապահութիւնը եւ այլ խաղաղ նախաձեռնութիւններ: Մենք կ’ուզենք օգտակար ըլլալ, եւ պիտի աշխատենք ե՛ւ ներքին բարեփոխումներու ուղղութեամբ, թէ ինչպէս Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը համապատասխանեցնել ժամանակակից չափանիշերուն, ե՛ւ ապա նաեւ, թէ ինչպէս աւելին ընել խաղաղապահ ոլորտին մէջ»,- ըսած է դեսպանը:
Այս պահին որեւէ քննարկում չկա՞յ զէնք ու ռազմամթերք մատակարարելու շուրջ՝ հարցումին դեսպանը պատասխանած է․ «Իրականութեան մէջ, մենք շարունակական քննարկում ունինք, թէ ինչ կրնայ Հայաստանին անհրաժեշտ ըլլալ ռազմական ոլորտին մէջ։ Արդէն պայմանաւորուած ենք մի քանի բանի շուրջ։ Այդ պայմանաւորուածութիւններէն մէկ բան կրնամ առանձնացնել՝ Հայաստանը խնդրած էր շտապօգնութեան զրահապատ մեքենաներ, որոնցով անոնք կրնան մտնել հակամարտութեան տարածք, եւ այդ մեքենաներով տեղափոխուող մարդիկ պաշտպանուած պիտի ըլլան:
«Մենք արդէն պայմանաւորուած ենք, որ յառաջ պիտի երթանք այս հարցով, եւ այժմ կ’աշխատինք անոր իրագործման ձեւերուն վրայ, որպէսզի կարենանք տրամադրել այդ օգնութիւնը: Եւ, ինչպէս նշեցի, ամենատարբեր թեմաներ կը քննարկենք, եւ կը փորձենք տեսնել, թէ ուր կրնանք օգտակար ըլլալ Հայաստանին՝ անոր պաշտպանութեան առումով»: