«Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան համար 23 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Օկիուն Սամասթը լքած է Պոլու քաղաքում գտնուող բանտը՝ ճաղերու ետին 16 տարի եւ 10 ամիս անցընելէ յետոյ։ Կալանավայրի մուտքին մօտ, ըստ «BBC»-ի թրքական ծառայութեան, Տինքի մարդասպանը դիմաւորած են ընտանիքի անդամները։
Թուրքիոյ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը տարածած յայտարարութեամբ պաշտօնապէս հաստատած է Սամասթի ազատ արձակման մասին տեղեկատուութիւնը՝ թուարկելով քրէական օրէնսգիրքի այն յօդուածները, որոնց համաձայն հնարաւոր դարձած է սթամպուլահայ լրագրողի սպանութեան անմիջական հեղինակին ազատ արձակումը։ Թրքական աղբիւրներու փոխանցմամբ՝ Սամասթը «վաղաժամ պայմանական ազատ արձակուած է բանտին մէջ ցուցաբերած լաւ պահուածքին համար»։
Թրքական «NTV»-ի տեղեկութիւններով՝ Հրանդ Տինքի հարազատները, մասնաւորաբար անոր այրին՝ Ռաքէլը, առայժմ կը մերժեն մեկնաբանել Օկիուն Սամասթի ազատ արձակումը։
Փոխարէնը Թուրքիոյ առաջատար ընդդիմադիր ուժի՝ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան նորընտիր նախագահ Օզկիուր Օզելը այս թեմային անդրադարձաւ Սամասթի ազատ արձակման մասին տեղեկութեան տարածումէն հաշուած ժամեր անց Կիպրոսի հիւսիսային՝ թրքական հատուած կատարած այցի ընթացքին։
«Այդ մարդը 16 տարի շարունակ բանտն էր, եւ այժմ զինք ազատ կ’արձակեն լաւ պահուածքի համար։ Ինչպէ՞ս կրնայ օրը ցերեկով, բոլորին աչքին առաջ դաժան սպանութիւն կատարած մէկը բանտէն դուրս գալ լաւ պահուածքի համար։ Պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ այդ սովորական սպանութիւն չէր, այդ նախապէս ծրագրուած յանցագործութիւն էր։ Այդ նաեւ մեծագոյն անարդարութիւն էր, որ կատարուեցաւ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայկական համայնքին նկատմամբ», յայտնած է թրքական ընդդիմութեան ղեկավարը։
Օզկիուր Օզելը, ի դէպ, համոզուած է՝ Օկիուն Սամասթը միշտ ալ բարձրաստիճան հովանաւորներ ունեցած է։ Որպէս անոր ապացոյց թրքական ընդդիմութեան առաջնորդը կը յիշեցնէ 2007-ի Յունուար 21-ին՝ Տինքի սպանութենէն երկու օր անց տեղի ունեցած գայթակղեցուցիչ դրուագը, երբ Օկիուն Սամասթը ձերբակալած ոստիկանները հերթով կը լուսանկարուէին անոր հետ՝ թրքական դրօշի խորապատկերին։
«Այսքանէն յետոյ եթէ ոեւէ մէկը կը խօսի արդարադատութեան մասին, կատարեալ անսկզբունքային է», ըսած է թրքական խոշորագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդը։
Թրքական իշխանութիւնները, սակայն, կտարականապէս կը հերքեն այն պնդումները, թէ Օկիուն Սամասթի ազատ արձակումը քաղաքական որոշման արդիւնք էր։ Անգարայի մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան հետ հանդիպումից յետոյ այս մասին յայտնեց Թուրքիոյ Ազգային Մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշը։
«Դատարանը վերջնական որոշում կայացուցած է։ Հաշուի առնելով տեղի ունեցածը՝ չի բացառուիր, որ մենք պատիժներու կրման համակարգին մէջ նոր կարգաւորումներու կարիք ունենանք։ Նախ՝ մարդուն, հաշուի առնելով յանցանքի կատարման պահուն անոր տարիքը, կը դատապարտեն ոչ թէ ցմահ բանտարկութեան, այլ երկարաժամկէտ ազատազրկման, յետոյ ալ, ցաւօք սրտի, ազատ արձակում լաւ պահուածքի համար։ Կը կարծեմ, որ այս ամէնը կը խօսի մեր արդարադատութեան համակարգին մէջ առկայ խնդիրներուն մասին, որոնք լուծման, վերանայման կարիք ունին», ընդգծած է թրքական խորհրդարանի նախագահը։
Ընդդիմութիւնն ու իրաւապաշտպան շրջանակները, սակայն, այս բացատրութիւնները, թէ մեղաւորը դատական համակարգն է, այլ ոչ թէ Գործադիր իշխանութիւնը, չեն ընդունիր։ Թուրք իրաւապաշտպանները, օրինակ, վստահ են՝ Տինքի սպանութեան համար դատապարտուած Սամասթի ազատ արձակումը Էրտողանի վարչակազմին կողմէ երկակի չափանիշերու կիրառման վառ օրինակ է։
«Կիուլթան Քիշանակը, Սելահետտին Տեմիրթաշը, Օսման Քավալան եւ Ճան Աթալայը իրենց արտայայտած միտքերուն համար այժմ բանտն են, իսկ մարդասպանը՝ ազատութեան մէջ», X ընկերային ցանցին մէջ գրած է Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու ընկերակցութեան համանախագահ Էրեն Քեսքինը՝ թուարկելով երկրի ամենայայտնի քաղաքական բանտարկեալները։
«Հրանդ Տինքի սպանութեան հեղինակը՝ Օկիուն Սամասթը ազատ կ’արձակուի լաւ պահուածքի համար, իսկ քաղաքական բանտարկեալները՝ ոչ», կը յայտարարեն թրքական եւս մէկ իրաւապաշտպան կառոյցի՝ Մարդու իրաւունքներու հիմնադրամ-խտրականութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի կոմիտէի ներկայացուցիչները՝ յաւելելով. «Տեղի ունեցածը մէկ անգամ եւս կը վկայէ՝ Թուրքիոյ արդադարադատութեան համակարգը կը կոծկէ այն բոլոր յանցագործութիւնները, որ կատարուած են խորքային պետութեան կողմէ, 1915 թուականի գաղափարները՝ իրենց բոլոր հետեւանքներով»։