Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) մշտականպատրաստակամութիւն կը յայտնէ առաքելութիւն ուղարկելու հայ-ատրպէյճանական սահման` ելլելով Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման շահերէն: Այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Եուրի Շուվալով կազմակերպութեան կեդրոնակայանին մէջ ՀԱՊԿ-ի ղեկավարող կազմի ընդլայնուած խորհրդակցութենէն յետոյ:
«Ինչ կը վերաբերի հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան տարածաշրջանին, ապա կազմակերպութիւնը մշտապէս պատրաստ է ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւն ուղարկել հայ-ատրպէյճանական սահման` ելլելով Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման շահերէն, ինչպէս նաեւ այլ օգնութիւն ցուցաբերել», ըսած է Շուվալով:
Շոււալով յաւելած է, որ օգնութեան միջոցառումները արդէն ներառուած են ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշման նախագիծին մէջ, որ ընթացքի մէջ է: