Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանին Չի Գոհացներ Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն Ներկայ Վիճակը, Եւ Ուաշինկթընը, Օգտուելով Անկէ, «Կարեւոր Բանակցութիւններ» Կը Վարէ Երեւանի Հետ․ Թրէյսի

Հայաստանին Չի Գոհացներ Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն Ներկայ Վիճակը, Եւ Ուաշինկթընը, Օգտուելով Անկէ, «Կարեւոր Բանակցութիւններ» Կը Վարէ Երեւանի Հետ․ Թրէյսի

by MassisPost

Հայաստանին չի գոհացներ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն ներկայ վիճակը, եւ Ուաշինկթընը, օգտուելով անկէ, «կարեւոր բանակցութիւններ» կը վարէ Երեւանի հետ: Նման յայտարարութիւններ կատարած է Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածու Լին Թրէյսին:

«Հայերը ինծի կ’ըսեն, որ քանի որ չեն փափաքիր վերադառնալ անցեալ, փտած առաջնորդներուն, անոնք կը փափաքին աւելի պայծառ ապագայ գտնել: Կրկին անդրադառնալով Ռուսիոյ թեմային, կը կարծեմ, որ խնդիրը այս է, եւ հայերը այս կ’ըսեն. անոնք կը տեսնեն, որ Ռուսիոյ հետ իրենց նախկին եւ ներկայիս յարաբերութիւնները չեն բաւարարեր Հայաստանի այսօրուան կարիքները: Կը կարծեմ, որ մենք` ԱՄՆ եւ Հայաստան, այժմ կը գտնուինք յաջորդ փուլին մէջմ. մենք քանի մը շատ կարեւոր բանակցութիւններ կը վարենք անոր վերաբերեալ, թէ ինչպէս մենք կրնանք օգնել Հայաստանին, որ, իմ կարծիքովս, կը շարունակէ ձգտիլ աւելի ժողովրդավարական եւ ապահով ապագայ», ըսած է Թրէյսին:

«Ես կ’ըսեմ, որ կան նաեւ բազմաթիւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներ, որոնց մէջ Ռուսիան դեր կը խաղայ, եւ որոնց մենք պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք», յաւելած է ամերիկացի դիւանագէտը:

Ան ելոյթ ունեցած է ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին առջեւ լսումներուն ժամանակ, որոնք նուիրուած էին անոր թեկնածութեան քննարկման: Մինչ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին առաջադրուիլը, ան նոյն պաշտօնը կը զբաղեցնէր Երեւանի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment