Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 14-ամեայ Հայ Աղջկայ Անունով Credit Suisse-ի Մէջ Դրամատնային Հաշիւ Բացուած է, Տարիներ Անց Հաշիւին Աւելի Քան 100 Միլիոն Տոլար Եղած Է

14-ամեայ Հայ Աղջկայ Անունով Credit Suisse-ի Մէջ Դրամատնային Հաշիւ Բացուած է, Տարիներ Անց Հաշիւին Աւելի Քան 100 Միլիոն Տոլար Եղած Է

by MassisPost

Զուիցերիական դրամատնային համակարգը յայտնի է իր գաղտնիութեամբ: Երբեմն զուիցերիական դրամատուներուն մէջ բացուած հաշիւները իրենց իրական սեփականատէրերուն անունով չեն: Ինչպէ՞ս բացատրել այն, որ ՀՀ քաղաքացիի դրամատնային հաշիւին եղած է առնուազն 106 միլիոն զուիցերիական ֆրանք:

1997 թուականին Հայաստանի քաղաքացի Նինա Մինասեան ընդամէնը 14 տարեկան էր, երբ անոր անունով Զուիցերիոյ մէջ դրամատնային հաշիւ բացուեցաւ:

2013-ի դրութեամբ այդ հաշիւին կը պահուէր քանի մը տասնեակ միլիոն զուիցերիական ֆրանք:

Մինասեանի աշխատանքային պատմութիւնը, որեւէ առեւտրային ընկերութիւն չունենալու փաստը եւ ընտանեկան հանգամանքները շարք մը հարցեր կ’առաջացնեն: Ինչպէ՞ս ՀՀ քաղաքացին կրցած է այսքան գումար կուտակել: Իրականութեան մէջ որո՞ւ կը պատկանի այդ գումարը, արդեօ՞ք այս հարստութեան իրական տէրը կ’օգտագործէ Մինասեանի անունը իր կարողութիւնը թաքցնելու համար:

Մինասեանի դրամատնային հաշիւին մասին տեղեկատուութիւնը ներառուած էր Credit Suisse դրամանային տուեալներու արտահոսքին մէջ: Տուեալները գերմանական «Suddeutsche Zeitung» թերթին տրամադրած է անանուն աղբիւրը, եւ թերթը այդ տուեալները տրամադրած է «Հետք»-ին եւ տասնեակ այլ հետաքննող լրագրողներու` Suisse Secrets անուանումը ստացած անդրսահմանային լրագրողական հետաքննութեան ծիրին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment