Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիթուանիան Կ’աջակցի Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Համաձայնութիւն Ձեռք Բերելուն. Կիթանաս Նաուսետա

Լիթուանիան Կ’աջակցի Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Համաձայնութիւն Ձեռք Բերելուն. Կիթանաս Նաուսետա

by MassisPost

Լիթուանիան կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերելուն: Այս մասին յայտնեց Լիթուանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Կիթանաս Նաուսետան Երեւանի մէջ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ հանդիպումէն յետոյ լրատուամիջոցներուն համար համատեղ յայտարարութեան ժամանակ:

Սա Լիթուանիոյ նախագահին առաջին այցելութիւնն է Հայաստան: Ան նշեց, որ տպաւորուած է հիւրընկալութեամբ: Նաուսետան  յիշեցուց, որ 1991 թուականին Լիթուանիան առաջին երկիրն էր, որ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը:

«Այդ ժամանակէն առ այսօր մենք օժանդակած ենք ձեր ջանքերուն, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական արժէքներու ձեր անցումին: Լիթուանիան կ’օժանդակէ Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագրերուն: Լիթուանիան կ’օժանդակէ Հայաստանի համարկրման եւրոպական ընտանիքին», ըսաւ Նաուսետան` յաւելելով, որ իրենք ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններուն մէջ լայն շրջանակ կը ներկայացնեն:

Lituania-Armenia-presidents-press conference

Լիթուանիոյ նախագահը ողջունեց Հայաստանի կառավարութեան ջանքերը յատկապէս արդարադատութեան համակարգին մէջ: «Մենք կը փափաքինք, որ դուք շարունակէք ժողովրդավարութեան այս ճանապարհը, որ պիտի յանգեցնէ ձեր ընկերատնտեսական զարգացման», ըսաւ ան:

Նաուսետան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու հարցին: «Լիթուանիան կ’օժանդակէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերելուն», ըսաւ Լիթուանիոյ նախագահը` ընդգծելով, որ Եւրոխորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ջանքերը նոյնպէս  ուղղուած են անոր:

Ան նշեց, որ հնարաւորութիւն ունեցած է ծաղիկներ դնելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին: «Սա բան մըն է, որ երբեւիցէ որեւէ ձեւով այս երկրագունդին վրայ պէտք չէ կրկնուի», նշեց Նաուսետան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Ուքրանիոյ իրավիճակին: Ան ընդգծեց, որ ազատութիւնը ամբողջ ժողովրդավարական աշխարհին համար չափազանց կարեւոր է` յաւելելով, որ ամէն ձեւով պէտք է օժանդակել ուքրանացիներուն:

Լիթուանիոյ նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ իր այցելութիւնը պիտի օժանդակէ Հայաստանի եւ Լիթուանիոյ, երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացման: Ան այս առումով մեծ ներուժ կը տեսնէ: Նաուսետան կը հաւատայ, որ երկկողմ յարաբերութիւններու տարբեր` առեւտուրի, մշակոյթի, կրթութեան եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու մէջ կարելի է երկու կողմէն ալ օգուտ ստանալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment