Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչո՞ւ Թրամփ Կը Պաշտպանէ «Էրտողանի Մարդուն» Թեկնածութիւնը

Ինչո՞ւ Թրամփ Կը Պաշտպանէ «Էրտողանի Մարդուն» Թեկնածութիւնը

by MassisPost

Նախկին նախագահ Տանոլտ Թրամփ այս շաբաթ կոչ ըրաւ իր կողմնակիցներուն հանրապետականներու յաաջիկայ նախնական ընտրութիւններուն քուէարկելու Փենսիլվանիա  նահանգէն  Ծերակոյտի անդամութեան ներկայացող  Մէհմտ Օզին:

Տոքթ. Օզ ծանօթ է երկար տարիներու հեռատեսիլի բժկական իր յայտագրի ընդմէջէն եւ ան միայն վերջերս է որ, մուտք գործեց քաղաքական ասպարէզ:

Այս զօրակցութիւնը մեծ աղմուկ յառաջացուց նոյնիսկ Թրամփի կողմնակից՝ պահպանողական շրջանակներուն մօտ, որոնք Օզը կը նկատեն խնդրայարոյց  անձնաւորութիւն մը իր անցեալի քաղաքական հայեացքներուն, թրքական հպատակութենէն  չհրաժարելուն եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճեփ Թայիպ  Էրտողանի հետ  ունեցած սերտ յարաբերութիւններուն եւ տնտեսական կապերուն պատճառաւ: Երբ Օզ յայտարարեց իր թեկնածութիւնը քաղաքական մեկնաբաններ մտահոգութիւն սկսան յայտնել, որ ընտրուելու պարագային  Օզ պիտի դառնայ ՙԷրտողանի մարդը՚ օրէնսդիր վերին պալատէն ներս:

Թէեւ Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութիւնը չարգիլեր որ երկքաղաքացիութիւն ունեցող անձ մը ընտրուի Ծերակոյտի անդամ, սակայն Օզի կապերը Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան եւ անոր ղեկավար Էրտողանի հետ, որ Ամերիկայի տարածքին ստեղծած է լրտեսական ցանց, իր քաղաքական հակառակորդները ճնշելու համար եւ կամ իր թիկնապահներուն կը հրահանգէ խոշտանգումի ենթարկելու Ուաշինկթընի Թրքական դեսպանատան առջեւ բողոքի խաղաղ ցուցարարները, այդ պարագային անոր թրքահպատակ ըլլալը կը դառնայ կարեւոր ու մտահոգիչ պարագայ մը: Տոքթ. Օզի անուան հետ կապուած են նաեւ այլ սկանդալներ: Ան կը մեղադրուի, որ  իր հեռատեսիլի հաղորդումներուն ընթացքին կը գովազդէ դեղամիջոցներ՝ որոնց օգտակարութեան վերաբերեալ կասկածներ գոյութիւն ունեցած են:

Այս բոլորով հանդերձ Տանոլտ Թրամփ նախընտրած է պաշտպանել Մէհմտ Օզին, երբ հրապարակի վրայ կան այլ Հանրապետական թեկնածուներ, որոնք այդ կուսակցութեան  գաղափարներու երկարամեայ  կրողներն են, իսկ Տոքթ. Օզ միայն վերջերս դարձած է Հանրապետական: Հետեւաբար, հարց կը յառաջանայ թէ ինչո±ւ համար նախկին նախագահի նախընտրութիւնը կեդրոնացած է Օզի վրայ:

Թրամփի նախագահութեան շրջանին անոր ունեցած սերտ կապերը Էրտողանին հետ ու անոնց միջեւ հեռաձայնային յաճախակի խօսակցութիւնները  ժամանակին իսկ  հարցականի տակ առնուած  էին Ամերիկեան մամուլին կողմէ: Շատերու կարծիքով, Պոլսոյ մէջ գտնուող Թրամփի անուան երկու աշտարակները, որոնք նախկին նախագահին կ՛ապահովեն տարեկան մէկ միլիոն տոլար եկամուտ, կարեւոր դեր ունեցած են անոր վարած թրքանպաստ արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Թրամփի այս վերջին քայլը եւս կրնայ շարունակութիւնը ըլլալ  այդ կասկածելի յարաբերութեան եւ տնտեսական կապերուն:

Մէհմտ Օզի թեկնածութիւնը մտահոգութիւն պէտք է պատճառէ ոչ միայն Փենսիլվանիա նահանգի ընտրողներուն  այլ եւ ամբողջ Ամերիկայի ժողովուրդին ու քաղաքական շրջանակներուն՝ անկախ  հայեացքներու տարբերութեան: Ծերակոյտի աթոռին նստելով  Մէհմտ  Օզ Թուրքիոյ բռնապետին պիտի ապահովէ նոր լծակներ այս երկրէն ներս, զանոնք օգտագործելու համար իր ներքին ու արտաքին հակառակորդներուն դէմ եւ շարունակելու իր զինուորական միջամտութիւնները այլ երկիրներէն ներս:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment